Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչ Նժէյմ եպիսկոպոսը՝ իր օգնականին ընկերակցութեամբ։ Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տոնոյեան։

Նժէյմ եպիսկոպոս Հայրապետին փոխանցեց ներկայ կացութեան առնչուած Ռայի Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու պատկերացումները։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ազդու պետութիւններու միջամտութեամբ կարելի փութով զինադուլ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը։