ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները։

Առաջին հերթին, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն Ժանին Դանիէլեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին, որ աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան վերամուտին, փոքրիկները կ՚ընդունի եւ անոնց կու տայ իր հայրական օրհնութիւնը։ Դանիէլեան յատկապէս ըսաւ. «Վեհափառ Տէր, իբրեւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն, նախանձախնդրութեամբ ստանձնած ենք Ձեր կողմէ մեզի վստահուած պատասխանատուութիւնը, որն է փոքրիկներուն կրօնական դաստիարակութիւնը. բան մը, որուն խստապահանջութեան ու լրջութեան քաջ կը գիտակցինք։ Եւ, այսօր, կիրակնօրեայ վարժարանի վերամուտին առթիւ, Ձեր ներկայութեան եւ ծնողներուն վկայութեամբ, կը վերանորոգենք մեր նուիրեալ ծառաներ ըլլալու ուխտը, որպէսզի վերանորոգ ոգիով շարունակենք լծուիլ փոքրիկներուն հոգեւոր ու կրօնական կրթութիւն ջամբելու սրբազան առաքելութիւնը»։

Ապա, փոքրիկները ներկայացուցին ամփոփ յայտագիր մը, որ կ՚ընդգրկէր աղօթք, շարական, ասմունք, երգ ու նուագ։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան բարձր գնահատեց ընդհանրապէս կիրակնօրեայ վարժարաններուն եւ յատկապէս Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ տարուող լուրջ ու ծրագրուած գործունէութիւնը։ Խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ Հայրապետը քաջալերեց զանոնք իրենց զաւակներուն կրօնական ու հոգեւոր դատիարակութեան զարկ տալու հրամայականը, մանաւանդ երբ նկատի առնենք այսօրուան աշխարհին մէջ տիրող նորարար «մշակոյթ»ը, որ կը փորձէ քանդել հոգեմտաւոր ամէն տեսակ արժէքներ։ Վերջապէս, ան իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ փոքրիկներուն եւ բարի երթ ու յաջող վերամուտ մաղթեց բոլորին։