ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ 39 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան  հիմնական աղբիւրը:

Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ (Ֆանար), տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական Կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը:

Յիշենք, որ Հայագիտական Կեդրոնը արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը գործէ շաբաթական եռօրեայ դրութեամբ՝ Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը՝ 05:00-07։30, կրթական յստակ ծրագիրով:

2024-2025 կրթական տարուան վերամուտը Կեդրոնը դիմաւորեց 39 ուսանողներով, 21 Լիբանանէն, 18՝ առցանց (Գերմանիա, Քուէյթ, Սուրիա, Գանատա, Ա.Մ.Ն., Աւստրալիա):

Հայագիտական Կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան յայտնեց, թէ Խորէն Ա. Կեդրոնը այսուհետեւ կը դառնայ գիտութեան եւ լոյսի կարօտ հայորդիներու տունը: Ան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցչական կազմին ու ուսանողներուն՝ շեշտելով, որ հայագիտական նիւթերու հանդէպ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը մեծագոյն բարիքը պիտի դառնայ հայապահպանութեան մեր աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով, տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ընդգծելով, որ տասնամեակէ մը աւելի գործող Հայագիտական Կեդրոնը վառ ապացոյցն է մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան հանդէպ Հայրապետին նախանձախնդրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբին, միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնց հաւաքական եւ համատեղ ջանքերով հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւոր կեդրոնի մը վերածուած է այս կեդրոնը: