ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Հայրապետը միաբան հայրերուն ընդհանուր գծերով պարզեց այցելութեան յատկանշական երեսները։

Ապա, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան պարզեց Լիբանանի հարաւային շրջաններէն եկած գաղթականներուն ստեղծած պատկերը, յատկապէս հայահոծ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի մէջ, եւ այս ուղղութեամբ տարուող օժանդակութեան աշխատանքները։

Վանաբնակ միաբանական հաւաքը «Կիլիկիա» օրհներգով եզրափակուեցաւ։