«ԿԻԼԻԿԻԱ» ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿԸ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐԷ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կը գումարէ արտակարգ յաջորդական նիստեր՝ օրակարգ ունենալով միջին արեւելեան վերջին զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը։

Նիստերուն քննարկման կէտեր են.-

  1. «Երկու պետութիւն» միջազգայնացող օրակարգը եւ 1701-ի գործադրութեան հնարաւորութիւնները
  2. Իրանի ներգրաւուածութիւն, Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի օժանդակութեան տարողութիւնը եւ Իրան-Ա.Մ.Ն. յարաբերութիւնները։ Իրան-Իսրայէլ թիրախային պատերազմի յետագայ միտումները։
  3. Ռուսական գործօնը Միջին Արեւելքի մէջ․ ռուսական ոյժերու հեռացումը Կոլանէն։ Լիբանանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ ռուսական կեցուածքները։
  4. Թրքական գործօնը տարածշրջանին մէջ։ Էրտողանի օգտագործած հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ եւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները այս պահուն։
  5. Հ.Հ. կառավարութեան դիրքորոշումները․ «Երկու պետութիւն», Պաղեստինի պետութեան ճանաչում։ Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները Եունիֆիլի դէմ կատարուած յարձակումներուն մասին։ Երեւանի լռութիւնը, քաղաքական յայտարարութեան բացակայութիւնը եւ մարդասիրական օժանդակութեան ուղղութեամբ քայլ չառնելը։
  6. Կազա, Հարաւային Լիբանան եւ Արցախ․համեմատութիւններ, զուգահեռներ, տարբերութիւններ, բռնի տեղահանութիւն, դիմադրութիւն։
  7. Հրադադարի հնարաւորութիւններ։ Միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ուղիներ։ Զուիցերիական օրինակներ հակամարտութիւններու լուծման նպատակով միջնորդաւորման։
  8. Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքի ակներեւ խախտումներ։ Միջազգային բանաձեւերը Լիբանանի մասին եւ զանոնք գործադրելու խոչընդոտները։
  9. Պատերազմական գործողութիւնները եւ լիբանանահայ համայնքը։
  10. Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնները, յատկապէս 1701-ի գործադրութեան ուղղութեամբ։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան ուղերձները։
  11. Սփիւռքի ընելիքը ներկայ ճգնաժամին, լիբանանահայութեան ուղղութեամբ։ Քաղաքական, մարդասիրական եւ կազմակերպական ուղղութիւններ։
  12. Պատերազմը եւ համահայկական տեղեկատուական դաշտը

Արտակարգ երկրորդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ին, Վեհափառ Հայրապետը ժողովականներուն հարցումներուն ի պատասխան՝ պարզեց Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու ու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կայացած հեռախօսային զրոյցին մանրամասնութիւնները։ Ժողովականները հաստատեցին, որ անկախ ընտրարշաւի շարժառիթէն, արծարծուած հարցերը՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձ, միջազգային երաշխիքներու պայմանականութիւն եւ ընդհանրապէս Արցախի հայութեան իրաւունքներու զօրակցութեան պահանջք, կ՚ընդգծեն Արցախի հարցին փակուած չըլլալը, որ յետագային տարուելիք իրաւական եւ քաղաքական աշխատանքներուն համար հնարաւորութիւն կը ստեղծեն։

«Կիլիկիա» հարթակը կը շարունակէ յաջորդական արտակարգ նիստերու գումարումը։