ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը առցանց խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին մասնակցեցան Ս.Դ.Հ.Կ.էն Վանիկ Տաքէսեան, Հ.Յ.Դ.էն Յակոբ Բագատունի եւ Ռ.Ա.Կ.էն տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։

Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան։ Յայտնենք, որ հովուապետական այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմ գտնուող Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն։

Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Հայրապետին զեկուցեցին քաղաքական, կազմակերպական եւ բարեսիրական տարուող աշխատանքներուն մասին։ Զեկուցումներուն ներառուած էին պետական հանդիպումները, Պքէրքէի մէջ կայացած հոգեւոր պետերու վեհաժողովին արծարծուած հարցերը, հայահոծ թաղամասերու թէ Այնճարի մէջ գաղթականներու կացութիւնն ու անոնց նկատմամբ կատարուող օժանդակութեան աշխատանքները։

Այնուհետեւ քննարկումի կարգով արծարծուեցան տարածաշրջանային կացութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները, անոնց ծանր հետեւանքները, միջազգային ընտանիքին վերաբերումը, Մ.Ա.Կ.ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ներկայ պայմանները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ոյժերուն դէմ Իսրայէլի կատարած յարձակումները եւ այս բոլորին մէջ ու մինչ այժմ զինադուլի անհաւանականութիւնը։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յաճախակի հանդիպումներուն եւ միացեալ խորհրդակցութիւններուն համար, շեշտեց լիբանանահայութեան միասնականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայեր՝ իրենց համաքաղաքացի գաղթականներուն օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան։

«Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ լիբանանեան ասպնջականութեան արժանացած լիբանանահայութիւնը գիտէ՛ այսօր ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններու ենթարկուող իր համաքաղաքացիներուն ձեռք երկարել», հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը եւ գնահատեց լիբանանահայ քաղաքական մարմիններուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։ Ան նաեւ խօսեցաւ Իսրայէլի սանձազերծած յարձակումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական դէմքերու հետ իր արծարծած հարցերուն մասին։

Նիստի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս թելադրեց շարունակել քաղաքական կուսակցութիւններու աշխատանքային համատեղ նիստերու գումարումը՝ յորդորելով, որ նման խորհրդակցական նիստեր յառաջիկային եւս կայացուին։