Հայկական վարժարաններ
Անցնող օրերուն ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յիշեալ վարժարաններուն պատասխանատուները Նորին Սրբութեան զեկուցեցին վարժարանին գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Հայրապետը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին նուիրուածութիւնը եւ շեշտեց անոնց ստանձնած ազգանուէր առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, թէ հայ դպրոցը նուիրական այն հաստատութիւնն է, ուր մեր մանուկներուն մէջ կը թրծուի հայկական մեր ինքնութիւնը՝ իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Աշակերտները փունջ մը ազգային երգերով հակիրճ յայտագիր մը հրամցուցին Հայրապետին եւ իր շքախումբին, ապա Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց աշակերտներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:
Կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ համայնքին մէջ գործող հայկական կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր կազմակերպութեան պատասխանատուէն ստացաւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, գնահատեց մարմիններուն կողմէ տարուող աշխատանքները, իր հայրական յորդորը տուաւ անոնց եւ շեշտեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը համայնքի կեանքին մէջ։
«Հայրենիք»ի խմբագրատուն
Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Հայրենիք»ի խմբագրատուն, ուր յատկապէս կը պահպանուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւները։ Նորին Սրբութիւնը այցելեց կեդրոնի զանազան բաժանմունքները եւ ապա հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի առնչուած հարցերուն: