18 February, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 14 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ–կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անցնող ամիսներու ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ:

 

Վեհափառ Հայրապետին իրենց կատարած այցելութեան նպատակն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Ժընեւ 2 ժողովին գծով, ուր Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր ներդրում կատարած էր եւ ընդհանրապէս Սուրիական հարցի տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները ունենալ:

 

Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը վերաքաղ մը կատարեց ինը կէտերէ բաղկացած Ժընեւի ժողովին իր փոխանցած պատկերացումին, յատկապէս շեշտելով այն բաժինները, որոնք առնչուած էին քրիստոնեայ համայնքներուն: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող գործընթացքի մը հաստատումը, մասնակցութեամբ կառավարութեան, ընդդիմադրութեան եւ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Նման գործընթացք մը կ’ենթադրէ թէ՛ Արաբական Լիկայի եւ թէ՛ ՄԱԿ–ի ամբողջական զօրակցութիւնը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նաեւ Վեհափառը շեշտեց երկու կէտեր.– ա) քրիստոնեայ համայնքները անանջատելի մասն են սուրիական ընկերութեան եւ անոնց ներկայութիւնը խոր արմատներ ունի պատմութեան մէջ: բ) Քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է հիմքը ծառայէ Սուրիոյ նկատմամբ առնուելիք որեւէ մէկ քայլի՝ այս ծիրէն ներս միշտ յարգելով քրիստոնեաներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որպէս համահաւասար քաղաքացիներ:

More News