Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսին եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովին հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Սուրբ Խաչ (Holy Cross) աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Յայտնենք, որ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովը այս հանդիպումին նշեց երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով Ամերիկայի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան մասին։ Ան Հայրապետը կը ճանչնայ միջ-եկեղեցական ժողովներէն։ Արքեպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Նորին Սուրբ Օծութիւնը երկար տարիներու փորձառութեամբ հեղինակութիւն դարձած է միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս եւ մեծ յարգանք կը վայելէ բոլորին կողմէ: Արքեպոսկոպոսին խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին յանձնաժողովի համա-ատենապետները եւ աստուածաբանական ճեմարանի տեսուչը:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը, ներկայ ժամանակներուն, լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ եւ բազմաբեւեր էքիւմէնիզմը սկսած է նահանջել ու աստուածաբանական երկխօսութիւնները սկսած են առաւել լայն տեղ գրաւել միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ: Նորին Սրբութիւնը պարզեց այս երեւոյթին դրդապատճառները եւ ապա շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութիւնները նոր օրակարգով ու մօտեցումով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորութեամբ նշենք, որ Սուրբ Խաչ ճեմարանի տեսուչին որոշումով, Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի դառնայ միջ-եկեղեցական դասընթացքի ուղեցոյցներէն մէկը:
Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին համար առիթ հանդիսացաւ վերանորոգելու իր հին բարեկամութիւնը շարք մը անկլիքան ու ուղղափառ եպիսկոպոսներուն ու փրոֆէսորներուն հետ, որոնք մասնակից դարձած են միջ-եկեղեցական հանդիպումներու:
Յայտնենք, որ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։