Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շաբաթ ամբողջ օրը, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ առնչուած մարմիններուն հետ՝ ազգային վարչութիւն, հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններուն հետ՝ Հ.Յ.Դ., Համազգային, Օգնութեան Խաչ եւ երիտասարդական:

Հանդիպուներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս գաղութին վերակենսաւորման հրամայականը: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է դուրս գալ աւանդական մտածողութենէ ու գործելակերպէ: Կ՚ապրինք արմատական փոփոխութիւններով լեցուն ընկերութեան մէջ. չենք կրնար անտեսել մարդկային կեանքէն ներս յառաջացող նոր երեւոյթները, մտահոգոթիւնները ու զարգացումները. անհրաժեշտ է քայլ պահել անոնց հետ, միշտ ամուր պահելով այն արժէքները ու աւանդութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր ինքնութիւնը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ Փրաւիտիընսին մէջ հաստատուած ազգային թանգարան:

Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ համայնքի մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին: