Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրաւիտընս քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ոստիկանական ջոկատներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր ծխայինները մեծ բազմութեամբ կը սպասէին իրենց հոգեւոր հօր այցը:
Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ վստահաբար հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ մը պիտի բանայ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը այս եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:
Հայրապետը իր խօսքին սկիզբը բարձր գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան ողջունեց քահանայ հայրը, երեսփոխանական ժողովին, ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ներկայ հովուապետական այցելութեան հոգեւոր խորհրդածութեանց իբրեւ նիւթ ընտրած է «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր ծուխ այցելութեան ընթացքին «Հայր մեր»ին առնչուած նիւթի մը մեկնաբանութիւնը պիտի կատարէ: Նկատի ունենալով, որ հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանն է՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ աղօթքին իմաստին մասին, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Նորին Սրբութեան պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին Հայրապետը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու եկեղեցւոյ անդամներուն:
Յառաջիկայ երկու օրերուն, Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմիններուն հետ: