ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2024-ին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը կայացաւ։

Հաւաքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ միաբան հայրերուն տարած աշխատանքներուն եւ մանաւանդ անոնց ունեցած հաւատարմութեան՝ թէ՛ իրենց ստանձնած պատասխանատու պաշտօններուն եւ թէ՛ մեր Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան նկատմամբ։ Այս առիթով Հայրապետը շեշտեց հաւատարմութիւնը մեր կեանքին ու առաքելութեան առանցքը դարձնելու հրամայականը։ Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս ընդգծեց հաւատարմութեամբ մեր ծառայութիւնը իրագործելու սրբազան առաքինութիւնը։ Այս առիթով ան ըսաւ, թէ առանց հաւատարմութեան մեր ծառայութիւնը կը պարպուի իր իմաստէն եւ Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին ուղղուած ծառայութիւնը կը դառնայ առօրեայ գործընթացքի։ Ուստի, մեր առաքելութիւնը հաւատարմութեա՛մբ իրագործելը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան ծառայական կեանքին մէջ

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդհանուր գիծերով պարզեց յատկապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները եւ անոնց նկատմամբ մեր Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումներն ու կեցուածքները։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միաբան հայրերու վանական պատասխանատուութեանց եւ խօսեցաւ յառաջիկային իրագործելի ծրագիրներու ու աշխատանքներու մասին։