ԽԱՉՆ ԿԵՆԱՐԱՐ, ՈՐ ԵՂԵՒ ՄԵԶ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ. Ս. ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Խաչվերացը Հայ եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւարն է, այսինքն հինգերորդ գլխաւոր տօնն է եւ նուիրուած է խաչին: Ինչպէս միւս տաղաւարները, Խաչվերացն ալ ունի պատմական հիմք մը: Իր պատմական սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան ակունքները, քանի որ խաչը վերցնելու կամ բարձրացնելու եւ փառաւորելու առաջին գործողութիւնը կը վերագրուի Յակոբոս Տեառնեղբօր: Ան եղած է Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը եւ խաչը ի տես ժողովուրդի բարձրացնելով` «Խաչի քո, Քրիստոս, երկրպագեմք» օրհնութիւնը եւ աղօթքը ըսած է:

614 թուականին, պարսկական-բիւզանդական պատերազմի ժամանակ, պարսիկներու Խոսրով Բ. թագաւորը գրաւած է Երուսաղէմը` գրեթէ հիմնովին քանդելով քաղաքը: Շատ մը հոգեւոր արժէքներու կարգին, Քրիստոսի խաչափայտն ալ իբրեւ աւար տարուած է Պարսկաստան:

Իսկ 628 թուականին Բիւզանդացի Հերակլ կայսրը (610-641) պարսիկներուն յաղթելով` գրաւած է Տիզբոնը, վերադարձուցած է խաչափայտը եւ նոյն թուականի 14 սեպտեմբերին, փառաւոր հանդէսով զետեղած է իր աւանդական տեղը` Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարը: Ուստի կայսրը եւ եկեղեցական հայրեր 14 սեպտեմբերը հռչակած են Քրիստոսի Խաչափայտի վերադարձի կամ Խաչվերացի տօն: Հայ եկեղեցին խաչվերացի տօնը կը կատարէ 14 սեպտեմբերի մօտակայ կիրակի օրը, որ է 11-17 սեպտեմբերին հանդիպող կիրակին:

Խաչը դարձաւ քրիստոնեայ հաւաքանիին եւ ի մասնաւորի Քրիստոսը ներկայացնող հիմնական եւ սրբազան առարկան:

Սուրբ խաչը վերացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, որ Քրիստոս է աշխարհի փրկիչը: Լուսաճրագ խաչը վեր բարձրացաւ աշխարհի մէջ, որպէսզի ցոյց տրուի, որ քրիստոնէութիւնն է ճշմարիտ կրօնը: Լուսաշող սուրբ խաչը դարձաւ մարդոց փրկութեան միակ ճամբան: Այո՛, սուրբ խաչը դարձաւ հոգեւոր արթնութեան, հոգեւոր գիտակցութեան, Քրիստոսի դառնալու եւ Քրիստոսը ուրիշին տանելու` քարոզելու եւ անոր մասին վկայելու ամենազօրեղ եւ ազդու միջոցը:

Քրիստոսի սուրբ խաչը իր նախանշանը ունէր Հին կտակարանի մէջ, երբ անապատին մէջ Աստուծոյ թելադրութեամբ Մովսէս պղնձեայ օձը ձողի մը վրայ բարձրացուց (Թւ 21.19): Նոյնպէս ալ, Մարդու Որդին այս անգամ Գողգոթայի լերան վրայ բարձրացուեցաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3:14-16), որովհետեւ Քրիստոս խաչի նշանով յաղթանակի դրօշը պարզեց:

Խաչը խորհրդանի՛շն է խոնարհելու` բարձրանալու եւ ճշմարտութեան հասնելու համար խորանալու դէպի վար, բարձրանալու` դէպի վեր եւ տարածուելու ամէն կողմ, ամէն ուղղութեամբ: Եւ այս բոլորը ցոյց կու տան խաչաձեւումը` վար, վեր եւ երկու կողմերը: Ամբողջութիւնը կը կազմէ ճշմարտութիւնը` խաչի նման, խաչի պէս նայելով կեանքի բոլոր իրողութիւններուն եւ երեւոյթներուն:

Իսրայէլացիները, երբ պատերազմեցան ամաղեկացիներու դէմ, Մովսէս` բլուրին գլուխը կանգնած, ձեռքերը վեր բարձրացուցած կ՛աղօթէր: Այնքան ատեն որ Մովսէս ձեռքերը վեր կը վերցնէր, իսրայէլացիները կը յաղթէին, իսկ երբ վար կ՛առներ զանոնք, ամաղեկացիները կը յաղթէին (Թւ 13:30): Նոյնպէս մեր Տէրը` Յիսուս, խաչ բարձրացաւ եւ իր ձեռքերը լայն տարածեց խաչին վրայ` ի նշան յաղթութեան: Եւ քանի որ Քրիստոս խաչը ընտրեց ու գրկեց եւ իր արիւնը հեղելով անոր վրայ, անոր հետ միաւորուածին պէս, անով փրկութիւն, յաղթանակ եւ կեանք պարգեւեց, մենք եւս Քրիստոսով խաչը կ՛ընտրենք եւ անոր քրիստոսակնիք յաղթական զօրութեան կ՛ապաւինինք` պարտութեան մատնելով թշնամին եւ անոր զօրութիւնները:

Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը նոր իմաստ ստացաւ: Քանի որ այն ժամանակ Պաղեստինը կը գտնուէր հռոմէական տիրապետութեան տակ եւ, անոնց օրէնքներուն համաձայն, ծանր յանցագործներն ու ոճրագործները միայն խաչի քստմնելի, ամօթալի եւ տաժանելի մահուամբ կը պատժուէին: Սակայն Քրիստոսի խաչելութեամբ, խաչը, որ անարգանքի, արհամարանքի, ամօթալի ու տառապալի մահուան նշան էր, փառքի, պատիւի, յաղթութեան ու անմահական կեանքի նշանի վերածուեցաւ: Խաչը դարձաւ նոր կեանքի նշան, թշնամիին դէմ պաշտպանուելու վահան եւ սատանային զօրութիւնները խորտակելու զէնք: Խաչը` որպէս կենդանի զոհասեղան, Քրիստոսով դարձաւ շնորհներու բաշխարան:

Քրիստոս խաչի միջոցով մարդուն պարգեւեց նոր կեանք, զայն ազատեց մեղքերու ճիրաններէն, եւ այդ մեղքերը իր վրայ առնելով` բարձրացաւ Գողգոթա, եւ խաչի զօրութեամբ խլեց սատանային ուժը եւ մարդը ազատեց:

Խաչը դարձաւ նաեւ խոնարհութեան, սատանային գլուխը ջախջախելու հզօր խորհրդանիշ` համաձայն Պօղոս առաքեալի վկայութեան, թէ Քրիստոս ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ` յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ` խաչի մահը (տես` Փլպ 2:6-11 հմմտ Կղ 2:14-15): Մարդու փրկութիւնը Աստուծոյ ծրագիրն էր, որ դարեր առաջ մարգարէացած էր Հին կտակարանին մէջ, նոյնիսկ` ստեղծագործութեան առաջին իսկ հանգրուանին: Աստուծոյ ծրագիրն էր, որ Մարդու Որդին աշխարհ պիտի գար, պիտի ձերբակալուէր ազգակիցներուն կողմէ մահուան դատապարտուէր, անարգուէր, չարչարուէր, խաչուէր, թաղուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր եւ երկինք համբարնար: Քրիստոսի խաչելութեամբ իրականացաւ աստուածային փրկագործութեան ծրագիրը:

Գրիգոր Տաթեւացիի սուրբ խաչին մասին տուած մեկնութիւններէն մէկուն համաձայն, խաչի չորս թեւերը մեզի ցոյց կու տան` երկինքի արքայութեան բացուիլը, դժոխքի աւերումը, աստուածային շնորհներու բաշխումը եւ մեղքերու թողութիւն:

Այսօր բոլորս` իբրեւ մէկ մարդկութիւն, կը գտնուինք Գողգոթայի ճամբուն վրայ: Ուստի երբե՛ք չվարանինք, բնա՛ւ չյուսալքուինք, չտկարանանք ու չվախնանք, այլ միշտ Քրիստոսի խաչը հաստատուն կանգնեցուցած մեր միտքի, սիրտի ու հոգիի պատուանդանին վրայ եւ զայն ամուր բռնած մեր ձեռքերուն մէջ, ընթանանք դէպի յառաջ` բարձր կանչելով անոր սուրբ անունը: Քանի որ Քրիստոսի կատարածը գերագոյն եւ կատարեալ զոհողութիւնն էր, որ կատարուեցաւ մարդկային պատմութեան մէջ, նոյնինքն մարդուն համար. Աստուծոյ անմեղ Գառնուկը պատարագուեցաւ մեղաւոր եւ մահուան դատապարտուած մարդուն համար: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք եւս խաչը գրկած` հաւատքով քալենք ու բարձրանանք Գողգոթան, որպէսզի Խաչեալին փարած` խաչին զօրութեամբ յաղթենք մեր կեանքի մէջ տիրող դժուարութիւններուն եւ անկէ ճառագայթող յաղթական լոյսի ներքոյ անսայթաք քալենք ճամբէն եւ Իրմով զօրացած` շնչենք, գործենք ու պայքարինք:

 

Արմէն Աբեղայ