ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

16-17 Սեպտեմբեր 2024-ին, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։

17 եկեղեցիներէ 40 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ժողովին։

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն աւարտին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարք բարի գալուստի պատգամ մը ուղղեց։ Ապա, Էմմանուէլ Մետրոպոլիտ կարդաց Ն.Ս. Բարթոլոմիօ Ա. Տիեզերական Պատրիարքին ողջոյնի խօսքը։

Ժողովին նպատակն էր երկու ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքներու առաւել մերձեցման եւ ցանկալի միութեան աշխատանքներուն նոր մղում տալ՝ հիմք ընդունելով 1989-ի եւ 1990-ի համաձայնագրերը, որոնց իրագործման մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցած էր Արամ Ա. Կաթողիկոս։