Ըստ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ սրբազան աւանդութեան, մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի կենարար խաչը երեք առիթներով հանդիսաւորապէս բարձրացուած է ի տես հաւատացեալներուն: Առաջին բարձրացումը կատարուած է Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսին՝ Յակոբ Տեառնեղբօր (առաքեալ) կողմէ: Տեառնեղբայրը Քրիստոսի սուրբ խաչափայտին նմանութեամբ հսկայ խաչ մը բարձրացուցած եւ «Խաչի քո Քրիստոս, երկիրպագանեմք…» սրտառուչ տաղը երգած է: Խաչի երկրորդ բարձրացումը կատարուած է 326-ին, Կոստանդիանոս կայսրին մօր՝ սուրբ Հեղինէ թագուհիին ձեռամբ: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ թագուհիին ջանքերով եւ Յուդա Երուսաղէմացիին օգնութեամբ, գտնուած են Քրիստոսի եւ անոր խաչակից երկու աւազակներուն խաչափայտերը: Քրիստոսի խաչափայտը գիտնալու միտումով, մեռած պատանիի մը դիակը տեղադրած են երեք խաչափայտերուն վրայ: Երբ պատանիին մարմինը հանգչած է Քրիստոսի խաչին վրայ, պատանին յարութիւն է առած: Իբրեւ արդիւնք այս հրաշքին, Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետը կենարար խաչափայտը բարձրացուցած է ի տես հաւատացեալներուն: Խաչի երրորդ բարձրացումը կատարուած է 629-ին: Պարսից Խոսրով թագաւորը, 610-ին, յաղթելով յունաց Հերակլ կայսրին, Երուսաղէմը գրաւած եւ Սուրբ Յարութիւն տաճարի թանկագին իրերն ու Քրիստոսի խաչափայտը գերի տարած է: 629-ին, Հերակլ կայսրը մեծ բանակով, որուն մէջ էր Մժէժ Գնունի հայ զօրավարին գունդը, յարձակած է Պարսկաստանի վրայ եւ կարողացած է Քրիստոսի խաչափայտը ազատագրել: Այնուհետեւ, կայսրը խաչափայտը տարած է երեք քաղաքներ՝ Կարին (Հայաստան), Կոստանդնուպոլիս եւ Երուսաղէմ: Իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ կայսրը Քրիստոսի խաչափայտը բարձրացուցած է ի տես հաւատացեալներուն: Հետաքրքրական է յիշել, թէ երբ Հերակլ կայսրին բանակը հանգստանալու համար կանգ առած է Կարինի լեռներէն մէկուն ստորոտը՝ խաչը գետին զետեղած է: Այդ պահուն գետնէն վճիտ աղբիւր մը սկսած է բխիլ: Յետագային, աղբիւրին վրայ կառուցուած է Խաչավանքի եկեղեցին, որ իր ժամանակին մեծ ուխտատեղի դարձած է:
Այս բոլորը իմանալէ ետք, հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ, թէ խաչի վերացման տօնը ի՞նչ պատգամ ունի մեզի այսօր:
Հիմնական պատգամը պահուած է նոյնինքն տօնին անունին՝ խաչվերացին մէջ: Խաչվերաց բառը կը նշանակէ խաչը բարձրացնել՝ հպարտութեամբ եւ յաղթականօրէն, զայն միշտ բարձր պահել, ցուցադրել եւ փառաւորել (Պետրոսեան Կարօ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգային Աւանդութիւններ, էջ 284): Արդարեւ, հաւատացեալ մարդը պարտականութիւն ունի խաչը միշտ բարձր պահելու իր կեանքին մէջ՝ իր ապրելակերպով, մտածելակերպով, գործերով եւ խօսքերով: Խաչը կոչուած է Քրիստոսի սուր նշանը. ուստի խաչը բարձր պահել կը նշանակէ զՔրիստոս բարձրացնել: Խաչը քրիստոնէական կրօնքին խորհրդանիշն է. ուստի խաչը բարձր պահել կը նշանակէ քրիստոնէութիւնը բարձրացնել: Խաչը մեր փրկութեան գործիքն է. ուստի խաչը բարձր պահել կը նշանակէ մեր փրկութեան աւետիսը տարածել: Խաչը Քրիստոսի զոհողութեան եւ Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնն է. ուստի խաչը բարձր պահել կը նշանակէ արժեւորել ու յարգել Քրիստոսի կատարած զոհողութիւնը:
Խաչվերաց բառը նաեւ կը նշանակէ խաչը կրել: Մեր բոլորին Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի» (Մտ 10.38): «Խաչը առնել» կը նշանակէ խաչը շալկել, կրել: Ուրեմն, մենք խաչակրութեան առաքելութիւն ունինք: Աստուած իւրաքանչիւր հաւատացեալի տարբեր խաչ մը տուած է, որպէսզի զայն կրէ իր կեանքին մէջ: Հաւատացեալ մարդը կոչուած է իր խաչը կրելու ո՛չ թէ դժգոհութեամբ, հպարտութեամբ եւ ցուցամոլութեամբ, այլ՝ սիրով, զոհողութեամբ եւ հնազանդութեամբ:
Խաչվերացի օրհնաբեր եւ ցնծալից տօնին առիթով, կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Խաչիկ, Խաչատուր եւ Նշան անունները՝ մաղթելով, որ մեր Տիրոջ սուրբ խաչափայտը պահէ, պահպանէ, օրհնէ եւ լուսաւորէ անոնց կեանքն ու ընտանիքները։
ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ