ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 50 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանականին նուիրուած «50 Տարի Երաժշտութիւն Եւ Ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը։

Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրակազմը դիմած է Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ անհատներու ու նախկին անդամներու վկայութեան։ Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի Կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակով, որուն կը յաջորդեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին երկու սրբատառ կոնդակները՝ երգչախումբի հիմնադրութեան 50-ամեակին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին 850 ամեակին առիթով հրապարակուած։ Ապա յաջորդաբար կը կարդանք Շնորհալի Հայրապետին ամփոփ կենսագրականը, երգչախումբին պատմականը եւ խմբավարներուն կենսագրութիւններն ու սիրտի խօսքերը։ Գիրքը արտայայտութիւնն է նաեւ երգչախումբին վարչական գործունէութեան, 50-ամեայ ուղեւորութեանց եւ տրուած համերգներուն մասին, ինչպէս նաեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ երգչախումբին ընկերային կեանքը եւ հրապարակուած խտասալիկները։ Հատորին մէջ տեղ ունին երգչախումբի հին եւ նոր անդամներու անուանացանկն ու շատերու սիրտի խօսքերը, նաեւ՝ վկայութիւններ, քրոնիկներ եւ երգչախումբին կանոնագիրը։

Շուրջ 230 էջերէ բաղկացած այս պատկերազարդ հատորը հանրագիտարանի ու վկայագիրի նման կը յիշեցնէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մշակութասէր եւ եկեղեցասէր ոգիի գոյութիւնը եւ մեզ կը հրաւիրէ կառչած մնալու մեր ինքնութեան։

Յայտնենք, որ յուշամատեանը ունի խմբագրակազմ՝ բաղկացած հետեւեալ անձերէն.-

Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան (խմբավար եւ փոխ խմբագիր)

Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան (խմբագիր)

Շողիկ Եփրեմեան (խորհրդական)

Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան (խորհրդական)

Խաժակ Պոյաճեան (խորհրդական)

Կարօ Յովհաննէսեան (խորհրդատու)