Մայրութեան Խորհուրդը

Խաչափայտին վրայ, հոգեվարքի պահուն, Փրկիչը խորիմաստ պատգամ մը կու տայ Իր չարչարակից մօր. «Ո՜վ կին, ահա քու որդիդ», եւ սիրելի աշակերտին` Յովհաննէսին. «Ահա՛ քու մայրդ»: (Յվհ. 19:26-27):

Աստուածաշնչական այս հաստատումը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կողմէ պարգեւ մըն է. Ան Իր մայրը իբրեւ օգնական եւ շնորհք` կու տայ աշխարհին, շնորհք` մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնք դարերու ընթացքին պիտի համախմբուին ս. խաչին հովանիին ներքոյ: «Ուրախացի՛ր, Աստուածածին, որ կուսութեանց եւ պարծանք եւ մայր հաստատութեան մարդկան, օգնական եւ շնորհք աշխարհի»: Յիշեալ շարականին ընդմէջէն մեզի կը փոխանցուի այն իրականութիւնը կամ տեսութիւնը Մարիամի կրկնակի կոչման` «Մա՛յր եկեղեցւոյ» եւ «Մա՛յր հաւատացեալներուն»:

Յովհաննէս առաքեալ Աստուածամայրը չառաւ իբրեւ սեփականութիւն, այլ` իբրեւ աստուածատուր մէկ անդամ, Մայր` նորածին եկեղեցւոյ, որովհետեւ Ս. Հոգւոյն գալստեան օրը վերնատան մէջ ներկայ էր նաեւ Ս. Կոյսը: Հոն էր Մարիամ իբրեւ Մայր` եկեղեցւոյ եւ նոր ծնելիք հաւատացեալներուն: Ս. Գրիգոր Նարեկացի հետեւեալ գովքը կը հիւսէ Անոր մասին. «Մայր հիմնադրութեան հաստատութեան եկեղեցւոյ»:

Ըստ Ս. Օգոստինոսի իմաստալից խօսքին, «Ճշմարիտ Քրիստոսը Ինքն է եւ մենք»: Ս. Կոյս Մարիամ Ս. Հոգւոյն կողմէ ներառուած է սրբացող այս արարքին մէջ: Աստուծոյ գործն է այս արարքը, եւ Մարիամ Անոր գործակիցը` միջնորդը: Մարիամ մայրութեան այս կոչումը ընդունեց Իր մահամերձ Որդիէն` Ս. Հոգւոյն զեղմամբ:

Մարիամ Իր մայրութեան տիտղոսով, աւելի ճիշդ` կոչումով, կ՛ուզէ բոլոր արարածները դարձնել Իր սիրելի որդիները, զանոնք պարուրելու Իր սիրոյն մէջ, զոր կը տածէ Իր Միածինին հանդէպ: Այս կոչումը Ս. Կոյսը կը դնէ այնպիսի կացութեան մը մէջ` մայրանալու եւ դաստիարակելու բոլոր անոնք, որոնք մկրտութեամբ կ՛ընդունին որդեգրութիւնը Երկնաւոր Հօր, ըլլալու համար ժառանգակից Քրիստոսի եւ տաճար Հոգւոյն Սրբոյ:

Մեզի` քրիստոնեաներուս համար, Ս. Կոյսին մայրութիւնը ընդունիլ` կը նշանակէ ընդունիլ, նաեւ Աստուծոյ բացարձակ հայրութիւնը` քրիստոնէական եկեղեցւոյ ընդմէջէն:

Քրիստոնեայ անհատին համար Ս. Կոյսը «մայր» կոչելը խորապէս մտերիմ արտայայտութիւն մըն է: Մենք բոլորս ալ Ս. Կոյսին համար կրնանք ըսել. «Ահաւասիկ մեր մայրը»: Այս հաստատումը մարդկային մայրութիւնները չի նսեմացներ երբեք, երբ մեր երկնաւոր Մայրը Ինք եւս մուտք գործած է երանաւէտ կեանքին մէջ, եւ մենք նոյնքան վստահութեամբ ու սիրով կրնանք մեր խօսքը ուղղել Անոր` քաղցր աղօթքներ բարբառելով:

Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը կը սատարէ նաեւ եկեղեցւոյ կառուցման` իբրեւ Քրիստոսի մարմինը: Եկեղեցին եթէ չէ հասած իր ծաղկման լրումին, ապա անիկա կարիքը ունի ինքզինք կառուցելու, վերանորոգելու, պայծառացնելու իր անդամներուն սրբութեամբ եւ աստուածահաճոյ առաքելութեամբ, հետեւաբար Ս. Կոյսը` իբրեւ Մայրը եկեղեցւոյ, այս կառուցումը կը հովանաւորէ: Ան պաշտպանն է հաւատքի ուղղափառութեան եւ հաւատարմութեան` աւետարանական ոգիին:

Ս. Կոյսը դարձաւ բարեխօսը մեղաւորներուն, մայրը` Խաչեալին, ճանապարհակիցն ու մասնակիցը` Որդւոյն խաչակրութեան եւ խաչելութեան, հաւատացողը` Որդւոյն փրկագործութեան, առաջին վկան` Որդւոյն յարութեան:

Ան դարձաւ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն իջեւանը, օթեւանն ու առինքնողը: Ան դարձաւ միջնորդը մեր եւ Աստուծոյ միջեւ: Եկեղեցւոյ մայրը դառնալով` երբեք չզլացաւ եւ ոչ ալ երկմտեցաւ Իր մայրական հոգածութենէն հեռու պահելու մեզ, այլ միշտ Իր մայրական խրատներն ու յորդորները տածեց ու դեռ կը տածէ Իրեն հաւատացողին եւ ընդունողին:

Ան միակ Կոյսն է, որ Աստուծոյ պատուիրանները պահեց, օրէնքներն ու կանոնները յարգեց, Իր Որդին տաճար ընծայեց, եւ նոյն Ինքն տաճար ընծայուեցաւ փոքր տարիքէն, որովհետեւ Իր հայրն ու մայրը տարիքով յառաջացած էին եւ չէին կրնար Իրեն խնամել, եւ որովհետեւ մայրը` Աննան, եւս Աստուծոյ շնորհքով յղացած էր, Ս. Կոյսը տաճար ընծայեցին, որպէսզի Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Տիրոջ ծառայէ:

Մարիամ` Մեր Մայրը

Երբ կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին 12-րդ գլխուն 46-50-րդ համարները, հոն պիտի հանդիպինք այն  դրուագին, երբ  Յիսուսին մայրը, քոյրը եւ եղբայրները եկած էին եւ կ՛ուզէին զինք տեսնել. ամբոխէն անձ մը կը տեղեկացնէ Յիսուսի, թէ դուրսը Իրեն կը սպասեն: Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Որո՞նք են Իմ մայրս ու եղբայրներս, ահաւասիկ Իմ մայրս ու եղբայրներս (ցոյց տալով իր աշակերտները), որովհետեւ ո՛վ որ կը կատարէ կամքը Իմ հօրս, որ երկինքի մէջ է, ան է Իմ եղբայրս, քոյրս եւ մայրս»:

Ս. Գրիգոր Նարեկացի Ս. Կոյսը կը կոչէ «Խոստովանեալ մայր կենդանեաց»: Ս. Կոյս Մարիամը դարձաւ մայրը` ողջ ժողովուրդին: Բոլորս ալ ունինք մեր երկրաւոր մայրերը, սակայն պէտք է երախտապարտ ըլլանք Քրիստոսի, որ մեր կենսաբանական երկրաւոր մօրմէն բացի` մեզի շնորհած է երկնաւոր ու գերբնական մայր մը:

Հայ առաքելական ս. եկեղեցին օգոստոս ամիսը նուիրած է Տիրամօր, որովհետեւ նոյն ամսուն կիսուն, ըստ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, կը զուգադիպի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման օրուան:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ,

Մայր կոչումը իր բնական կարգին մէջ մանուկին, երիտասարդին եւ ծերին հոգւոյն մէջ կ՛արծարծէ ամէնէն մաքուր սիրոյ եւ անվերապահ վստահութեան զգացումները: Մեր բոլորին երակներուն մէջ կը հոսի մօր արիւնը, անոր հոգին ու դիմագիծը յաճախ կը վերանորոգուին մեր մէջ: Տարիներու ընթացքին կը ստուերանան ամէնէն գեղեցիկ յուշերն անգամ, կը պաղին ամէնէն բուռն սէրերը կեանքին, սակայն միակ սէրը, որ յաղթական կը մնայ, մօր սէրն է:

Մայրերը իրենց խեղճ ու տկար կազմուածքով կեանք կու տան էակներու, սակայն անոնք կոչուած են աստուածային կեանք ապրելու: Ս. Կոյսին շնորհիւ է, որ նուիրականացաւ մայրութիւնը: Մայրութեան կոչումը աստուածատուր է, դերը` դիւցազնական, իսկ կեանքը` շարունակական աշխատանք արարչագործութեան: Մայրութիւնը նուիրական կոչում մըն է. որեւէ կոչում այնքան մօտէն աղերս չունի մարդուն էութեան հետ եւ խոր արմատներ չէ նետած մարդուն ներաշխարհին եւ մարմնամտային ովկիանոսին մէջ, որքան` մայրութիւնը:

Աշխարհի մեծագոյն ուժը, գեղեցկութիւնը եւ առաքինութիւնը սէրն է, եւ մայրը` անոր մարմնացումը: Խրիմեան Հայրիկ տունը թագաւորութեան մը կը նմանցնէ, որուն մեծագոյն զէնքը մօր սէրն է: Մայրն է, որ իր տան ճրագը միշտ վառ կը պահէ եւ, այդպիսով, այդ տան թագուհին ու հպատակը կը դառնայ: Մարդու մը կեանքին վրայ ազդեցութիւն եւ դրոշմ ձգողը մայրն է:

Միշտ ի մտի ունենանք, որ մայրը, գուրգուրանքի, զոհաբերումի, նուիրումի, աշխատանքի եւ սիրոյ անսպառ վառարանն է: Մենք` իբրեւ հողեղէն ու հոգեղէն էակներ, հարկ է, որ միշտ մեր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնենք անոր: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ոչ միայն պարտական է սիրելու եւ յարգելու իր մայրը, այլեւ պարտաւորուած է արտայայտելու եւ ցուցաբերելու անոր հանդէպ ունեցած իր մշտագոյ սիրոյն եւ յարգանքին անկեղծութիւնն ու թարմութիւնը:

Շնորհակալական խօսք մը` որդւոյն կողմէ ուղղուած իր մօր, կրնայ մօր ներաշխարհին սրտին վարդերը բանալ, անոր մէջ ապրեցնել գարունը` իր գունագեղ ծաղիկներով: Մենք բոլորս ալ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն հնարք պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի տարբեր ձեւերով կարենանք երջանկութեան նշոյլներ ցոլացնել մեր մայրերուն կեանքերուն մէջ:

Մայրե՛ր, դուք եւս պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ունիք. մայր ըլլալը, մայրական կոչումը բոլորին չեն շնորհուած: Դուք ձեր քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, բարոյական առաքինի վարքով պէտք է օրինակ դառնաք ձեր զաւակներուն, զանոնք առաջնորդէք Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Ս. Կոյս Մարիամը ըրաւ, երբ իր Միածին Որդին  Տիրոջ տաճարին ընծայեց:

Ծնող մը այս աշխարհի վրայ պատկերն է Աստուծոյ եւ Անոր նախախնամութեան: Աստուծոյ թագաւորութեան անդամ դառնալու եւ Անոր կոչին ընդառաջելու նախապայմաններէն մէկն է յարգել մեր ծնողները, ինչպէս նաեւ` մեծարել զանոնք, հնազանդիլ անոնց եւ սէր տածել անոնց հանդէպ: Սակայն մանուկը, որպէսզի այս գիտակցութիւնը ունենայ, ծանր եւ պատասխանատու պարտք մը կը դրուի նոյնինքն ծնողներուն ուսերուն վրայ: Ծնողք ըլլալ` չի նշանակեր միայն մարդկային կողմը մտածել, այսինքն` հոգալ զաւակին պէտքերը, զայն ուսման ուղարկել եւ անոր ապագան ապահովել. բնականաբար այս բոլորը կենսական են, սակայն ասոնց զուգահեռ, նաեւ կայ աստուածային կողմը, ուր նախապայման է ծնողքին ներդրումը, ինչպէս`  առաքինի ուղղութեան մը մէջ զանոնք դաստիարակելը, ամբողջական հնազանդութեան եւ կարգապահութեան ոգիի մը մէջ անոնց ներաշխարհը աճեցնելը, դրական եւ օգտաւէտ գործերով անոնց կեանքը պտղաւորելը եւ ի մասնաւորի` զանոնք քաջալերելը, որ եկեղեցւոյ ծոցին ու անդաստանին մէջ գործեն ու ապրին:

Ծնողները իրենց զաւակներուն ներկայացուցիչներն են Աստուծոյ մօտ. անոնք պէտք է այնպէս մը կրթեն իրենց զաւակները, որ երբ վերջիններս եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս մուտք գործեն, այսինքն երկնաւոր Հօր տունը մտնեն, իրենք զիրենք հարազատ զգան եւ պատրաստ` հնազանդելու Աստուծոյ ձայնին:

Այսօր կը հանդիպինք այնպիսի ընտանիքներու, որոնք առանց տատամսելու կամ վարանելու եւ կամ դժգոհելու` իրենց զաւակներուն ամէնօրեայ դրութեամբ աղօթք կ՛ուսուցանեն, ճաշէն առաջ եւ ետք կ՛աղօթեն անոնց հետ, միասին կիրակնօրեայ պատարագի կը մասնակցին: Ս. Կոյսն ալ այսպիսի ծնող մը եղաւ Քրիստոսի համար: Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, ուզեց, որ Իր մայրը ըլլայ նաեւ մայրը Իր մարմինին` եկեղեցւոյ, բոլոր հաւատացեալներուն եւ որդիաբար Իրեն դիմողներուն, որպէսզի շռայլօրէն Իր ջերմ սէրը բաշխէ անոնց, խնամէ զիրենք ու մայրական հովանին անպակաս ընէ անոնցմէ:

Ս. Կոյսը մեզի պէս հողեղէն արարած մըն էր, սակայն լի` Աստուծոյ շնորհքով: Ինչպէս էր Եւան` նախքան մեղանչելը, սակայն Եւա չհնազանդեցաւ Աստուծոյ խօսքին եւ մեղքի տիղմին մէջ մխրճեց ամբողջ մարդկութիւնը: Իսկ Ս. Կոյսը Աստուծոյ ձայնը լսեց եւ ամբողջական հնազանդութեամբ ենթարկուեցաւ Անոր կամքին: Եւային անհնազանդութիւնը զինք դատարկեց Աստուծոյ հոգիէն, մինչ Մարիամին հնազանդութիւնը զԱյն դարձուց տաճար Բանին Աստուծոյ:

Հետեւաբար, սիրելի՛ ուխտաւորներ, ընդառաջենք եկեղեցւոյ կոչին եւ այսօր իսկ վերանորոգենք մեր ուխտը Աստուածամօր հանդէպ` զԱյն դաւանելով ու համարելով մեր երկնաւոր Մայրը, Անոր առաքինութիւնները սերմանենք մեր մէջ` խոնարհելով Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի Աստուած գայ եւ բնակի մեր մէջ:

Տիպար Մօր Մը Պարտաւորութիւնները

1.- Սէրը տիպար մօր մը կենսական յատկանիշներէն մէկն է

Տիպար մօր մը սէրը պարզ բնազդային սէր չէ, այլ իրեն կ՛ընկերակցի մինչեւ իր կեանքին վերջը: Բոլորիս ծանօթ է այն դրուագը, ուր կը պատմուի, թէ օր մը տղամարդու մը կինը իրմէ կը խնդրէ, որ իր սէրը փաստելու համար բերէ մօր սիրտը: Տղան կ՛երթայ մօրը քով, կը սպաննէ զայն եւ սիրտը պոկելով կը փութայ կնոջ քով: Ճամբան, երբ ան գետին կ՛իյնայ, մօր սրտէն ձայն մը կը հեծեծայ. «Տղա՛ս, քեզի բան մը եղա՞ւ»: Ահաւասիկ սէր մը, որ մինչեւ իսկ յետմահու չի մեռնիր:

2.- Աստուածասիրութեամբ զարգացած սէրը առաքինութիւնն է տիպար մօր

Զաւակը սիրելը բնածին զգացում մըն է. մայր մը, երբ իր զաւակը կը ծնի, բնականաբար զայն կը սիրէ ամէն բանէ աւելի: Սակայն սէրը աստուածային սիրով զարգացնելը եւ գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելը մօր մը պարտականութիւնն է: Գիտակցօրէն սիրելը, մանաւանդ` Աստուծոյ սիրով պարուրուած, առաքինութիւնն է մօր: Մօր մը թանկարժէք գանձը իր զաւակն է: Զաւակը աւանդ մըն է Աստուծմէ, եւ այս գիտակցութիւնը ունենալով` մայրը Աստուծոյ աչքին հաճելի երեւնալու համար իր զաւակը պէտք է կրթէ: Լաւագոյն առիթը կրթութեան մանկութեան շրջանն է, ուր մօր դիրքը եւ պարտականութիւնը կենսական են: Մարդոց ունեցած սովորութեանց, նկարագրային յատկանիշներուն, նախասիրութեան եւ ենթագիտակիցի աշխարհին հարիւրին մեծ տոկոսը կը կազմուի իր մանկութեան շրջանին, մօր անմիջական ազդեցութեան ներքեւ: Աստուած մօր տուած է բարի սիրտ, որ մանկավարժական աշխարհի հիմքն է եւ համեմատաբար` հոգիի եւ ուսուցման կարեւոր ազդակը: Տիպար մայրը կը տարբերի այլ մայրերէ: Ամէն մարդ կը կրթէ իր զաւակը գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար, սակայն տիպար մօր կրթութիւնը որոշ ուղղութիւն մը կ՛ենթադրէ:

Այսօրուան արդիականացած աշխարհին մէջ բազմաթիւ մայրեր գայթակղութիւններով, մոլութիւններով, անպատշաճ կենցաղով եւ լպիրշ վարքով կը կրթեն իրենց զաւակները, որոնց իբրեւ հետեւանք` անոնց մէջ կ՛արմատանայ ժխտական նկարագիրը, կը դառնան ազգին պատուհաս եւ պետութեան բեռ: Այս տեսակ կրթութիւնը անհաճոյ է Աստուծոյ համար: Զաւակները արդիւնքն են ընտանեկան կեանքին: Զաւակին առաջին դպրոցը տունն է, կրթութեան կաճառը տունն է:

Ամերիկայի նախկին նախագահներէն մին կ’ըսէ. «Եթէ կ՛ուզես, որ զաւակդ քրիստոնեայ ըլլայ, նախ դուն պէտք է քրիստոնեայ ըլլաս»:

3.- Տիպար մայրեր իմաստութեամբ կը հսկեն իրենց զաւակներուն վրայ

Այսօր կը հանդիպինք այնպիսի մայրերու, որոնք անուշադիր են եւ անտեղեակ, թէ իրենց զաւակները ո՛ւր կը յաճախեն կամ որո՛նց հետ բարեկամական կապեր կը հաստատեն, նման` Ղովտին կնոջ, որ իր զաւակներուն անյարմար ամուսիններ ընտրեց, սակայն հետագային շատ սուղ վճարեց անոր գինը:

Սիրելի՛ մայրեր, պէտք է ձեր բոյնը հաստատ հիմերու վրայ շինէք, որպէսզի երբ փոթորիկի մը դէմ յանդիման գտնուիք, փլուզման չենթարկուի: Չար ընկերութիւնն ու միջավայրը մարդը կ՛ապականեն. Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Չար ընկերը բարին կ՛ապականէ»: Հետեւաբար, սիրելի՛ մայրեր, հարցում մը կ՛ուղղեմ ձեզի. «Արդեօ՞ք կը հսկէք ձեր զաւակին նիստուկացին, դպրոցին ու դրացիին, բարեկամին եւ միջավայրին»:

4.- Տիպար մայրը վեհ եւ քրիստոնէական ներշնչման աղբիւր է

Տիպար մայրը պարտադրուած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ օրէնքները եւ Քրիստոսի մեզի փոխանցած պատուէրները ազդեցիկ կերպով շնորհել իր զաւակին, որպէսզի վերջինս, իր կարգին, այդ առաքինի արարքները իր կեանքին ցայտուն օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր դարձնէ:

5.- Տիպար մայր մը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ

Տիպար մայրը իր զաւակին սրտին, մտքին եւ հոգիին մէջ զանազան տեսակի կարողութիւններ եւ շնորհներ կը տեսնէ: Հաւատք եւ վստահութիւն կ՛ունենայ իր զաւակին հանդէպ եւ իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ, որպէսզի զաւակը նոր նուաճումներ արձանագրէ: Տիպար մայրը իր զաւակին տեսիլք կը ներշնչէ եւ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի բարձրագոյն իտէալներ: Ուսումը երբեմն տեսիլք չի տար, սակայն նպատակը տեսիլք կու տայ, մօր մը նպատակն է քաջալերել եւ թիկունք հանդիսանալ իր զաւակին:

Հետեւաբար, սիրելի՛ ուխտաւոր մայրեր,

Մեծ է ձեր կոչումը եւ վեհ` ձեր պարտականութիւնը: Սովորական մայր ըլլալը բաւարար չէ. տիպար եւ առաքինի մայր ըլլալու համար պէտք է դառնալ Աստուծոյ եւ կեանքի աղբիւրէն` Աւետարանէն, ջուր խմել, Աստուծոյ խօսքը ընդունիլ` իբրեւ կեանքի ուղեցոյց:

Յարգա՛նք տիպար մայրերուն, պատի՛ւ հերոս մայրերուն, կոչ բոլոր մայրերուն եւ զաւակներուն` հետեւելու լոյսի շաւիղին, տիպար հայ մայրերուն:

 

Արմէն Աբղ. Գալաճեան