Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 2024

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ամբողջ շաբաթ մը Ս. Աստուածածնի պահոց եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առնչուած արարողութիւններու մասնակից դառնալէ եւ Աստուածամօր երկրաւոր առաքելութեան խորհուրդով հաղորդուելէ ետք` Սուրբ Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած հոգեւոր խորհրդածութիւններու ճամբով, մեր եկեղեցին Ս. եւ անմահ Պատարագի մատուցումով կը նշէ Աստուածամօր վերափոխման տօնը։ Այս առիթով նաեւ կը կատարուի աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Արդարեւ, 18 Օգոստոս 2024-ի առաւօտուն, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցան Ս. եւ Անմահ Պատարագներ։ Մայրավանքին մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէքը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Սրբազան հօր քարոզին կիզակէտը Ս. Աստուածամայրն էր։ Շահան արքեպիսկոպոս իր քարոզը սկսաւ Եղիսաբէթի՝ Ս. Կոյսին տուած այցելութեան ընթացքին անոր ուղղած խօսքով՝ «երանի քեզի, որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ ըսածները քեզի պիտի կատարուին», դիտել տալով, որ պարզ խօսք մը չէր ըսուածը, այլ լաւատեսութեան, ճշմարտութեան եւ յստակատեսութեան պատգամ մըն էր՝ Եղիսաբէթի ճամբով տրուած Մարիամի։ Այս պատգամը կը հաստատէ մանկամարդ օրիորդին հաւատաքն ու սրբութիւնը։ Խորանալով Աստուածամօր արժանիքներուն մէջ՝ քարոզիչ սրբազանը նշեց, որ Տիրամօր երկինք բարձրացումը, վերափոխումը, մարդուս համար անհասկնալի խորհուրդ մըն է, որովհետեւ Աստուածամօր տրուած «երանի»ն մահկանացուներուս հասկցած «երանի»ն չէ։ Աւելին, սրբազան հայրը հաստատեց, որ մարդկայնօրէն անհասկնալի է մեր նմանին հաւատքի զօրութիւնը. այդ միայն Աստուած գիտէ, իսկ Աստուածամօր հաւատքը առանցքն է իր Աստուածածին ըլլալուն։

Այս առումով Շահան սրբազան ընդգծեց հաւատքի սահմանումը՝ յայտնելով, որ հաւատալ կը նշանակէ վստահիլ։ Ան ըսաւ, որ մեր հաւատքը անբովանդակ եւ անհասցէ չէ։ Տէ՛րն է անոր բովանդակութիւնը։ Երբ հաւատք ունենանք, Տէրը անպայմանօրէն կը խօսի մեզի հետ, ինչպէս մենք Իր հետ՝ աղօթքի ճամբով։ Այս իմաստով, Մարիամ Աստուածածին հաւատաց, հնազանդեցաւ եւ գործադրեց Տիրոջ կամքը։ Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ Աստուածածինը Նոր Կտակարանի ամենաեզակին է եւ համեմատուելով Հին Կտակարանի ամենաեզակիին՝ Աբրահամին, ան կը կոչուի Ամենասրբուհի։

Վերջապէս, Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով, սրբազան հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրեց, որպէսզի մեր մէջ հաւատքի շնորհքը աւելցնէ, մեր կեանքն ու հաւատքը ոռոգէ, որպէսզի Քրիստոսի սէրը արտացոլացնենք իրարու վրայ եւ այդ հաւատքով հնազանդինք Տիրոջ, որպէսզի ըլլայ Իր կամքը։