ԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը։ Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ։ Այս հոգեւոր խորհրդածութիւնները ուխտաւորներուն առիթ կ՚ընծայեն ա՛լ աւելի խորանալու Աստուածամօր կեանքին ու առաքելութեան պատգամին։

Առ այդ, 12-16 Օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան Ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր սնունդը։ Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, ջուրի, իւղի եւ հացի օրհնութեան կարգ։

Ուխտի շաբթուան աւարտին, Ուրբաթ, 16 Օգոստոսի առաւօտեան, եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուխտաւոր հաւատացեալները բարձրացան Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստանի եւ աղօրհնէքի արարողութիւնները։ Ապա, հաւատացեալները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

Նշենք, որ Ուրբաթ գիշեր, ուխտաւորներ աղօթքով ու խորհրդածութեամբ կ՚անցընեն իրենց ժամանակը Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, իսկ վանականները, կամաւորներու խումբ մը եւ Դպրեվանքի աշակերտները մատաղի պատրաստութեան կը լծուին։

Բոլոր ուխտաւորներուն ուխտը կատար եւ ընդունելի ըլլայ։