Պիքֆայա, Սուրբ Աստուածածին Վանք, Վեհարան, Անթիլիաս, Մայրավանք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գոլոմպիայի մօտ Լիբանանի դեսպան Արա Խաչատուրեանը եւ Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանը:

Ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց որպէս դիւանագէտներ անոնց բերած ծառայութիւնը Լիբանանին: Ան յիշեցուց, որ Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկն է հայ համայնքը՝ իր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով: Ուրախութեամբ հարկ է հաստատել , որ մեր համայնքի զաւակները միշտ ալ եղած են պարտաճանաչ իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ արժանապատուութեամբ ու նուիրումով Լիբանանը ներկայացուցած են օտար երկիներու մօտ, շեշտեց Նորին Ս. Օծութիւնը: