ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական Միջազգային Քոնկրէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման: Այս միջոցին կազմակերպուած «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառին, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի պետական թէ մասնաւոր հրատարակչութիւններ, որոնց կարգին Կաթողիկոսարանիս տպարանէն վերջին հինգ տարիներուն լոյս տեսած հայագիտական հրատարակութիւնները: Այս առթիւ Կաթողիկոսութեանս միաբաններ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան ու Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, ինչպէս նաեւ ազգայիններէն Մհեր Տէր Յովհաննիսեան, որոնք Երեւան ժամանած էին ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքի շնորհահանդէսին մասնակցելու, միասին շրջեցան ու ծանօթացան նոր հրատարակութեանց:

«Գրատօն» ծրագիրի իրականացման զուգահեռ կատարուեցաւ շնորհահանդէսը ԺԳ. տարուան ՀԱՍԿ Հայագիտականին, որ նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850 ամեակին: Բացման խօսք արտասանեց Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Հայկ Համբարձումեան, որ բացատրեց ՀԱՍԿ տարեգիրքի անցած ճանապարհը եւ հրաւիրեց փոխ տնօրէն Վահէ Թորոսեանը, որ ողջոյնի, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա, ԺԳ. հատորի բովանդակութիւնը ներկայացուց Մատենադարանի գիտաշխատող Էլիա Սարիբէկեանը: Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքի խմբագիր, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան քոնկրէսի մասնակցողներուն։

Յայտնենք, որ ՀԱՍԿ Հայագիտական ԺԳ. հատորը լոյս տեսած է Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ խմբագիրն է Շահան Արք. Սարգիսեան։