Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի Գարակէօզեան Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։

Անոնք Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին Գարակէօզեան հաստատութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադառնալու մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բժշկական, ընկերային եւ մտային առողջութեան վերաբերող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Գարակէօզեան Հաստատութեան մեր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւնները եւ անձնակազմին մաղթեց աննկուն կամքով շարունակել իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը։