Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Էքիւմէնիք Դաստիարակութեան Եւ Կազմաւորման Յանձնաժողով»ը իր առաջին անձամբ ժողովը գումարեց Յունիս ամսու վերջին շաբթուան ընթացքին, Սէուլի Եոնսէյ համալսարանին մէջ, Հարաւային Քորէա։
Յանձնաժողովը օրակարգի վրայ ունէր ութամեայ գործունէութեան ծրագրաւորումը, յատկապէս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող ԿԷԹԻ Համաշխարհային Էքիւմէնիք Աստուածաբանական Ինստիտուտի ծրագրի եւ էքիւմէնիք կազմաւորման առցանց դասապահերու նոր ծրագրի մը՝ Պոսէյի Էքիւմէնիք Ինստիտուտի հետ համագործակցաբար։
Ժողովականները առիթ ունեցան այցելելու Քորէական ապառազմականացած գօտին եւ աղօթելու շրջանի խաղաղութեան ու կողմերու հաշտեցման համար։ Հարկ է նշել, որ Ե.Հ.Խ.ը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Քորէայի մէջ խաղաղութեան վերականգման ի խնդիր։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ սոյն յանձնաժողովին մասնակցեցաւ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ եւ Ե.Հ.Խ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Գերապատիւ Տէր Հրանդ Ծայրագոյն Վարդապետ Թահանեան։