Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։