Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինի պատուիրակութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուող հարցեր եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերող զարգացումներ: