Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն երեք տարի շարունակ քարոզելէ, հրաշագործելէ, կազմաւորելէ ետք` անոնց անսպասելի քննութենէ մը կ՚անցընէ` հարցնելով. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» (Մտ 16.13)։ Անոնք, իրենց կարգին, ինչ որ բազմութենէն լսած էին Յիսուսի մասին յայտնեցին. «Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը» (Մտ 16.14)։ Սակայն, հարցաքննութիւնը հոս չի՛ վերջանար, այլ կարծէք շանթահարուածի մը նման առաջին հարցումին երկրորդը կը յաջորդէ. «Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս» (Մտ 16.15)։ Համարձակախօս Պետրոսը (իր նկարագիրին համաձայն) իր միւս առաքելակիցներուն թարգմանը հանդիսանալով՝ կը բարձրաձայնէ. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16)։
Յիշեալ երկխօսութիւնը կը նկատուի ինքնայայտնութեան նախապատրաստութիւն։ Ինչո՞ւ։ Աւետարանը կը վկայէ. «Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (Մտ 17.1-2)։ Քրիստոս պէտք էր այլեւս իր առաքեալներուն ինքզինք ամբողջապէս յայտնէր։ Այլակերպութենէն՝ ինքնայայտնութենէն վեց օր առաջ Յիսուս ուզած էր գիտնալ, թէ աշակերտները իր մասին ի՞նչ կը մտածեն, ո՞վ է ինք, որովհետեւ վեց օր ետք պիտի ցոյց տար իր ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը։ Անոնք այլեւս դուրսէն եկած մարդոց կարծիքներով պէտք չէր բաւարարուէին, այլ իրենց յստակ պատասխանն ու համոզումը պէտք էր ունենային։
Անոնք գիտցան, որ Յիսուս ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Երեմիան եւ ո՛չ ալ մարգարէներէն մէկը, այլ Աստուծոյ սիրելի Որդին է եւ պէտք է Անոր մտիկ ընէին (հմմտ Մտ 17.5)։
Սիրելի՛ ընթերցող, ո՞վ է Յիսուս քեզի համար։ Նոյն հարցումը քեզի ուղղուած է այսօր։ Երբ դուն քու անձիդ հետ առանձնանաս եւ ներամփոփուիս ու դուն քեզի հարցնես, թէ արդեօք ո՞վ է Յիսուս քեզի համար, ի՞նչ կը պատասխանես։
Արդեօք Յիսուս քեզի համար 2,000 տարի առաջ հրաշագործո՞ղ մըն էր, կամ արդեօք բերնէն կախուելու չափ լաւագոյն քարոզի՞չ մը, թէ՞՝ աղքատներուն, լքեալներուն, տնազուրկներուն գթացող մը։
Արդեօք Յիսուս քեզի համար մարդկային ոյժերէն տարբեր ոյժ ունեցո՞ղ մըն է, որ երբ մարդիկ չկարողանան քեզի օգտակար դառնալ, վերջին քայլը Իրեն կը պահես՝ Անոր ամենակարողութեան եւ ամենազօրութեան վստահելով։
Յիսուս այս բոլորէն վե՛ր է, շա՜տ վեր։ Անիկա քու փրկի՛չդ է։ Անիկա քու փրկութի՛ւնդ է։ Անիկա քու առաջնո՛րդդ է։ Անիկա քու սկի՛զբդ եւ վե՛րջդ է (հմմտ Յյտ 22.13)։
Այլակերպեալ Յիսուսը կը պատգամէ այսօր քեզի եւ բոլորիս.- զաւա՛կս, դուն ալ կրնաս այլակերպուիլ, երբ այլակերպեալիս հաւատաս։ Միայն ե՛ս կրնամ միտքդ այլակերպել՝ խաւարէն լոյսի, չարէն բարիի առաջնորդել։ Միայն ե՛ս կրնամ քու մէջդ եղող քարեղէն սիրտը հանել եւ մարմնեղէն սիրտ դնել (հմմտ Եզ 36.26)։ Միայն ե՛ս կրնամ ներսիդիդ նո՛ր հոգի՝ ի՛մ հոգիս դնել (հմմտ Եզ 36.27)։ Միայն ե՛ս կրնամ քեզ փրկել, այս աշխարհէն փրկութիւն մի՛ սպասեր, որովհետեւ ժամանակդ կը վատնես։ Միայն ե՛ս կրնամ քեզի խաղաղութիւն շնորհել, որովհետեւ այս աշխարհէն խաղաղութիւն սպասելը ժամանակի կորուստ է։ Միայն ե՛ս կրնամ կեանքդ փոխել, այո՛, միա՛յն ես, բայց միա՛յն այն ատեն, երբ հաւատաս, որ ե՛ս եմ «Կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16) եւ այլակերպուած ու այլակերպող Յիսուսը։
Այլակերպութեան դրուագը եթէ ուշադրութեամբ ընթերցենք, այնտեղ կը տեսնենք, որ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները կը յայտնուին։ Ինչո՞ւ իրենք։ Որովհետեւ, Մովսէս կը ներկայացնէ ննջեցեալները, իսկ Եղիան՝ ողջերը։ Յիշեալ իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ Տէր Յիսուսը թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ ննջեցեալներուն Աստուածն է, այլ խօսքով անոնք կը ներկայացնեն Զինուորագրեալ եւ Յաղթական Եկեղեցիները։ Ողջերուս Աստուա՛ծն է Յիսուս, միայն Իրմո՛վ պէտք է ապրինք եւ ննջեցեալներուն Տէ՛րն է Յիսուս, միա՛յն Իրմով կրնան փրկուիլ։ Ողջերս՝ մեր փրկութիւնը հետապնդենք, իսկ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար աղօթենք եւ մանաւա՛նդ մխիթարուի՜նք։
*
* *
Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որ ժողովրդային ընկալումով կը կոչուի նաեւ Վարդավառ, հաւատացեալներէն շատեր կը հարցնեն, թէ արդեօք ի՞նչ առնչութիւն ունի Վարդավառը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին հետ։ Պարզե՛նք։
Վարդավառին իրարու վրայ ջուր կը ցօղենք եւ աղաւնիներ ազատ կ՚արձակենք։ Ջուր ցօղելը կը խորհրդանշէ ջրհեղեղը, իսկ աղաւնիներուն ազատ արձակելը՝ Աստուծոյ հաշտութեան կնիքը Նոյին հետ, այլ խօսքով անոր ընտանիքին փրկութիւնը եւ անոր ընդմէջէն մարդկութեան հետ կնքուած փրկութեան ուխտը, որ իրագործուեցաւ Քրիստոսի գալուստով եւ այլակերպութենէն քանի մը օրեր ետք խաչի եւ յարութեան ճանապարհով։
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի վարդավառ անունին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ.- Յիսուս վարդի նման իր Աստուածային բնութիւնը իր պատեանին մէջ պահած էր մինչեւ այլակերպուիլը, եւ երբ այլակերպուեցաւ Անոր Աստուածային բնութիւնը վարդի նման բացուեցաւ եւ յայտնուեցաւ բոլորիս։
Ամէն անգամ երբ իրարու վրայ ջուր ցօղենք, յիշե՛նք, որ Աստուած ջրհեղեղի չափ դժուարութիւններէն կրնայ մեզ փրկել, իսկ երբ աղաւնի մը ազատ արձակենք, յիշե՛նք, որ Աստուած մեզի հետ փրկութեան ուխտը կնքած է, բայց կարգը մե՛րն է, որ հետապնդենք այդ փրկութիւնը՝ քալելով Փրկիչին ճանապարհէն, այլ խօսքով հետեւիլ Անոր խօսքերուն, ապրելակերպին, ոտնահետքերուն եւ շնորհած փրկութեան։
Աղօթող եմ, որ այլակերպեալ Յիսուսը այլակերպէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որպէսզի դառնանք Իրմով նորոգուած նո՛ր մարդիկ՝ Ի՛ր մարդիկը։
Բոլորիս ուխտը կատար։
ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ