Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու: