«ADANA PROJECT»Ը ՍՏԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն ժամանած «Adana Project» խումբը։ Խումբը Լիբանան կը գտնուի, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան առջեւ համերգով հանդէս գալու համար։

Խումբի անդամները Վեհափառ Հայրապետին հակիրճ կերպով ներկայացուցին խումբի կազմութեան հոլովոյթը, նպատակը եւ ազգային ու մշակութային առաքելութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատանքով արտայայտուեցաւ ի տես երիտասարդներու հայկական մշակոյթն ու երգարուեստը պահելու եւ նոր սերունդներուն նոր շունչով, ոգիով ու կերպերով փոխանցելու յանձնառութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ կ՚ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, ուր գոյութիւն չունին պաշտպանողական սահմաններ ու պատեր. ուստի, իբրեւ ազգ, կոչուած ենք մեր ներուժը լաւապէս օգտագործելու՝ ի խնդիր հայապահպանութեան ու մշակութապահպանութեան։ Վերջապէս, իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը քաջալերեց երիտասարդներուն այս նուիրական ու նորարար ստեղծագործական աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգանուէր գործունէութեան։