Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ.Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հ.Յ.Դ.ի Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ.ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն: