Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանէն ներս դասախօսութիւն տալ էր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.-
ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող քարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Քալաղըրին հետ: Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
բ) Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ ու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան:
գ) Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի պատասխանատու քարտինալ Կիւճերոթիին հետ: Քննարկուեցաւ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ ուղղափառ ու բողոքական եկեղեցիներու գործակցութիւնը եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած հարցեր: Դարձեալ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային հովանաւորութեամբ վերադարձին եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման:
դ) Հաւատք եւ դաւանանք բաժանմունքի պատասխանատու քարտինալ Ֆերնանտէզի հետ: Քննարկուեցաւ աստուածաբանութիւնը վերարժեւորումի ենթարկելու կարեւորութիւնը՝ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Յայտնենք, որ Վատիկան կատարած իր կարճ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հիւրը եղաւ Հոգեւոր Տիրոջ, որ ի պատիւ Նորին Սրբութեան ընթրիք մը սարքեց Լեւոնեան Վարժարանին մէջ։ Հայրապետին ի պատիւ նաեւ ընթրիք սարքեցին Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Ալ-Խազէնը եւ քարտինալ Քոխը:
Հանդիպումներու ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին այլ առաքելութեամբ Հռոմ գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: