ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Նորին Ամենապատուութիւն Ռայի Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ, յատկապէս՝ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը։ Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիթ Պատրիարքը, որ յաջորդ օրը՝ Երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան՝ Արեւելեան Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալու, նաեւ՝ հանդիպում մը ունենալու Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ:

Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան գծով Ֆրանսիս Պապին փոխանցուելիք տեղեկութիւններուն շուրջ:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Ռայի Պատրիարքին:

Պքերքէէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր Հայրապետին Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին եւ այլ պատասխանատուներուն հետ ունենալիք հանդիպումները:

Յայտնենք, որ նոյն օրը, առաւօտեան, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն միջեւ՝ թէ՛ Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ թէ՛ Ֆրանսիս Պապին հետ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ունենալիք հանդիպման գծով։