ԵՐԵՔ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍՈՒՆ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, երեք դպրեվանեցիներ՝ Մինաս կիս. Ճանսըզեան, Յովհաննէս կիս. Պայտունեան եւ Գէորգ կիս. Եագուպեան, ձեռնադրութեամբ ստացան հայ եկեղեցւոյ երեք նուիրապետական աստիճաններէն առաջինը՝ սարկաւագական կարգ։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ին։

Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան։ Ընծայեալները հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացան Սուրբ Խորան, ուր հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ հայ եկեղեցւոյ եւ Ս. Սեղանին ծառայութեան։ Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը ընծայեալներուն ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու եւ անոյշ բոյր խնկելու իշխանութիւնները։

Շահան սրբազան ապա յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ լուսարձակի տակ առնելով Ս. Հոգիին մեզի տուած շնորհքները Տիրոջ եւ եկեղեցւոյ սպասարկութեան ծառայեցնելու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Ս. Հոգին իւրաքանչիւրիս շնորհք մը կը պարգեւէ հասարակաց բարիքին համար, իսկ ձեռնադրութեան արարողութեան ճամբով Ամենակալէն խնդրեցինք, որ Ս. Հոգիին շնորհքը առատօրէն հեղու նոր ձեռնադրուողներուն վրայ։ Մեկնելով Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն, սրբազան հայրը վստահեցուց, որ Ս. Հոգին գիտէ մեր կարիքները եւ ըստ այնմ կ՚ընդառաջէ մեզ։

Խօսքը ուղղելով նորընծայ բարեշնորհ սարկաւագներուն՝ ձեռնադրիչ սրբազանը ըսաւ, որ սպասարկութեան եւ ծառայութեան ախոյեանը մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է։ Ան ըսաւ, որ սարկաւագութիւնը եկեղեցական ամենախոնարհ կարգն է, բայց քրիստոնէական հաւատքին առաջին նահատակին՝ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին օրինակին մարմնացումն է։ Այս խօսքերով Շահան արքեպիսկոպոս քաջալերեց, որ սարկաւագները սուրբին նման Աստուծոյ խօսքը քարոզեն հոն, ուր կարիքը կայ, պարկեշտօրէն սպասարկեն Տիրոջ՝ աղօթքը անպակաս ընելով իրենց շրթներէն։ Սրբազան հայրը քարոզը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այսօր Քրիստոսի լուծը ձեր ձախին կախուած է։ Այս լուծը նաեւ խորհրդանիշն է Քրիստոսի ձեր կապուածութեան։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին կապուեցաք այս սուրբ ու նուիրական ուրարով. զայն ունեցէք որպէս սրբութիւն, որպէսզի, ինչպէս ձեռնադրութեան Մաշտոցը կ՚ըսէ, արժանի հոգեւոր շնորհքով լեցուն օր մը, այն ձեր վիզէն անցնելով՝ վերածուի փորուրարի, եւ այս անգամ ամբողջական նուիրումով ու յանձնառութեամբ ծառայէք մեր Ս. Եկեղեցիին»։

Իր քարոզի աւարտին, սրբազանը շնորհաւորեց նոր ընծայեալ սարկաւագները, Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ծնողները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր հայրական տնօրինումին համար, իսկ Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան անդամներուն մաղթեց, որ անոնց կեանքի օրերը միշտ լուսաւոր ըլլան եւ Քրիստոսի ճանապարհով հաւատացեալները առաջնորդեն յաւիտենական կեանքի բարքին։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի առաջնորդութեամբ, նորընծայ սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները բարձրացան Վեհափառ Հայրապետին մօտ՝ ստանալու համար անոր Հայրապետական օրհնութիւնը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական յորդորներն ու թելադրութիւնները փոխանցեց անոնց եւ գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը: