ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այս գծով Վեհափառ Հայրապետները մնայուն կապի մէջ են իրարու հետ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Մայիս 28-ի պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութեամբ ու անվտանգութեամբ, ամուր պահելու հրամայականը, որպէս գերագոյն արժէք մեր ողջ ազգին համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ամէն ջանք ի գործ դնել յաղթահարելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները ու տագնապները, անխախտ միասնականութեամբ ու միակամութեամբ՝ որպէս երաշխիք ներքին հզօրութեան։
Այս օրերուն, Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները խորապէս մտահոգ Հայրենիքի անկախութեան ու նոյնիսկ գոյութեան սպառնացող վտանգներուն նկատմամբ, իրենց հաւաքական ընդվզումը եւ պահանջքը կ՚արտայայտեն։ Ինչպէս Սուրբ Էջմիածնը իր վերջին յայտարարութեան մէջ կը յորդորէ, նաեւ մեր Սուրբ Աթոռին թելադրութիւնն է հանրային գործողութիւններու մասնակիցներուն, իրենց բողոքը արտայայտելու «բացառապէս օրէնքի սահմաններէն ներս առաջնորդուելու զգօնութեամբ եւ չտարուելու հնարաւոր սադրանքներով»։ Միաժամանակ, դատապարտելով ոստիկաններու կողմէ անհամաչափ ոյժի եւ բռնութեան կիռարկումը, կոչ կ՚ուղղենք որ «յարգեն հայրենակիցներուն հիմնարար իրաւունքները, ազատութիւնները, պատիւն ու արժանապատուութիւնը եւ գործեն միմիայն մարդասիրութեան եւ օրինականութեան սկզբունքներու խստագոյն պահպանութեամբ»:

Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը ու մեր ազգը՝ եւ հեռու պահէ ամէն տեսակ չարերէ ու չարիքներէ:

Տեղեկատուական Կեդրոն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Անթիլիաս, 28 Մայիս 2024