Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ.ի հետ միասին, ներկայ գտնուեցաւ Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած համագումարի բացման նիստին:

Համագումարը կազմակերպուած է Հունգարիոյ Արեւելքի Քրիստոնէութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին եւ ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կողմէ: Համագումարին կը մասնակցին 50 անհատներ, Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին պետական ու համայնքային հրաւիրեալներ:

Նիստի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ համագումարին առիթով Լիբանան այցելած Հունգարիոյ պետութեան միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատուին հետ, ներկայութեան Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային Հունգարիա հրաւիրելու ծրագիրը:

Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: