ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի մահուան քառասունքին առիթով։ Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալին ամուսինը՝ Ալեքքոն, եւ զաւակները՝ Արամն ու Զարեհը, Իտալիայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ, հանգուցեալի հոգւոյն յիշատակին տեղի ունեցաւ հոգեճաշ՝ ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Հոն ընթերցուեցաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքը՝ Անի Պէզիքեանի մասին։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը լուսարձակի տակ առած էր շուրջ 50 տարիներու Պէզիքեան ընտանիքին հետ իր բարեկամութիւնը։ Ան նշած էր յատկապէս Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն արտագաղթը Լիբանանի պատերազմի օրերուն դէպի օտար ափեր, ուր անոնք կարողացած էին վառ պահել հայկական ընտանիքի շունչը եւ աւելին՝ իրենց քրտինքով վաստակած արդիւնքէն բաժին հանած էին նաեւ մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ։ Նորին Ս. Օծութիւնը յատկապէս շեշտած էր հանգուցեալին դերը՝ որպէս մղիչ ուժը Պէզիքեան ընտանիքի կողմէ կատարուած բարերարութիւններուն։ Հարկ է նշել նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետը թուած էր Պէզիքեան ընտանիքին յատուկ հաւատարմութիւնը ու բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին. այս ծիրին մէջ՝ Դպրեվանքի յատուկ հիմնադրամի հաստատումը, Նահատակաց մատրան վերանորոգումը, Մայրավանքին մէջ Հայաստանի առաջին անկախութեան յուշարձանի կառուցումը, Պիքֆայայի մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանին վերանորոգումը եւ շրջապատին ընդարձակումը, Ժպէյլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շինութիւնը: Արդ, Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէր, որ անվարան կրնանք տիկին Անին կոչել Աւետարանի բացատրութեամբ` նոր օրերու «Բարի Սամարացի»ն, որ օգնութեան հասաւ անխտիր Հայաստանի ու Լիբանանի իր ազգին տառապեալ զաւակներուն: Վստահ ենք, որ Անիին բարի յիշատակը միշտ պիտի մնայ վառ իր ամուսնոյն Ալեքքոյին, իր զաւակներուն` Արամին ու Զարեհին եւ իր թոռնուհիին` Անիին կեանքին մէջ. եւ անոնք գործնապէս պիտի արժեւորեն անոր բարի ու անմոռաց յիշատակը։