ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԵՒ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկիան միաբանութեան չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան եւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, յատուկ արարողութեամբ, ստացան նշեալ աստիճանները։

Աւարտաճառի ներկայացում եւ պաշտպանութիւն
Ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, Շաբաթ, 11 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ աբեղաները հետեւեալ կերպով ներկայացուցին իրենց աշխատանքները,-

  • Հայր Եզեկիէլ՝ «Գործք Առաքելոցի մեկնութիւն»
  • Հայր Եսայի՝ «Ներսէս Լամբրոնացիի ատենաբանութիւն, գիրք սիրոյ եւ խաղաղութեան»
  • Հայր Եզրաս՝ «Անանիա Վարդապետ Նարեկացիի խրատագիրքը»
  • Հայր Եղիա՝ «Ս. Ստեփանոս Սիւնեցի եւ իր աստուածաբանական երկերը»

Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր ներկայացման եւ պաշտպանութեան աւարտին իր թելադրութիւնները տուաւ եւ ընդգծումներ կատարեց՝ նիւթերը կատարելագործելու համար։ Հուսկ, եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց միաբան հայրերուն կատարած աշխատանքները եւ իր օրհնութիւնը տուաւ աբեղաներուն՝ շեշտելով հոգեմտաւոր զարգացման կարեւորութիւնը։

Վարդապետական գաւազանի տուչութեան յատուկ արարողութիւն
Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 12 Մայիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, չորս երիտասարդ միաբան հայրերը վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստացան՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։

Արարողութեան ընթացքին, Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ արտասանելով Հաւատոյ դաւանանքը։

Արարողութեան աւարտին, յաւուր պատշաճի քարոզեց Նարեկ Սրբազան՝ բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Եկայ ձեզի՝ բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի» (Գրծ 20.25)։ Փառք եւ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ այս տարի եւս, Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին տնօրինումով եւ Հոգեգալստեան տօնի ծիրին մէջ, մեր ընծայեալ միաբան հայրերն ու դպրեվանքի սաները, բազմազան ձեռնադրութիւններով, Ս. Հոգիի առատաբուխ շնորհներով առաւե՛լ կը պայծառանան, Սրբազան հայրըը նշեց, որ այս չորս երիտասարդ միաբանները իրենց առաքելադաշտերէն ժամանած են նոր իմն Երուսաղէմ՝ Անթիլիասի Մայրավանք, իրենց ստանձնած ծառայական առաքելութիւնը առաւել լիցքաւորուելու: Ուստի, Սրբազան հայրը խօսեցաւ վարդապետի արժանիքներուն ու պատախանատուութիւններուն մասին, ընդգծելով, որ «Վարդապետը պարտաւոր է անխտիր բոլորի՛ն երթալու». ան դիտել տուաւ, որ Կիլիկիոյ միաբանութիւնը առաջին հերթին կ՚աշակերտէ դպրեվանքին եւ մայրավանքին ու ապա, Քրիստոսատիպ կեանքի օրինակով, կը շրջի՝ Քրիստոսը տանելու համար աշխարհին. «Այս սկզբունքին հաւատարմութեամբ, այսօր, աւելի քան երբեք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայութիւն է մեր ազգի աշխարհասփիւռ զաւակներու կեանքին մէջ»։ Սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղեց նորընծայ վարդապետներուն նշելու համար, որ վարդապետին կոչումն է Աստուծոյ արքայութեան քարոզիչը դառնալ ու, անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան, խօսքը ուղղեց ծնողներուն, յիշեցնելու համար, որ կրթական տարեշրջանի աւարտին, այժմէն պէտք է որոշեն իրենց զաւակները Դպրեվանք ուղարկելը, որպէսզի մեր հոգեւոր տունի «սափորէն ալիւրը չհատնի եւ կուժէն իւղը չպակսի» (Գ.Թգ 17.14)։

Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։