Շաբաթ, 4 Մայիս 2024-ին երեկոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Իսլամական Երէցներու Խորհուրդի հրաւէրին, Ապու Տապիի ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ արաբերէն լեզուով բանախօսեց համերաշխութեան եւ գոյակցութեան նիւթին շուրջ:
Փոխանցելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը կրօններու միջեւ գործակցութեան, սրբազան հայրը իր բանախօսութեան մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ ժողովուրդի կեանքին մէջ համերաշխութեան ընդհանրապէս եւ յատկապէս Էմիրութիւններէն ներս անոր տիրական ներկայութեան։ Ապա, Մեսրոպ Արք. ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համերաշխութեան պահպանութեան եւ զարգացման միջոցներն ու տուեալները՝ շեշտը դնելով բոլոր կրօններու հասարակաց հասկացողութեան եւ ընկերութեան առողջ պահպանութեան տարրերուն վրայ՝ ընտանիք, դպրոց եւ երիտասարդութիւն։
Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի իշխանութեան ու կառավարիչներուն, որոնք երկրէն ներս բոլոր կրօններուն առիթը ընծայած են իրենց կրօնական հաստատութիւնները ունենալու։