18 Հունվարի, 2014

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿ – ՈՒՂԵԳԻԾԸ “ԺԸՆԵՒ 2”ԻՆ

                                “ՈՂՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՑՈՒԿ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԺԸՆԵՒ 2–ԻՆ”

                                                                                           Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

“ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ՍԿՍԱԾ Է ՍՊԱՌՆԱԼ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ”

                                                                                                                                ԼԱԽՏԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄԻ

 

Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որուն բացումը կատարած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երկրորդ օրը Վեհափառ Հայրապետը “Ժընեւ 2”ին ղրկուելիք ուղեգիծին իր պատկերացումը պարզեց համագումարին: Յայտնենք, որ ԵՀԽ–ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող համագումարին նպատակն էր “Ժընեւ 2”ին ներկայացնել եկեղեցիներու հաւաքական տեսակէտը:

Վեհափառ Հայրապետը, որ կարեւոր դեր ունեցած էր համագումարի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինը կէտերէ բաղկացած իր տեսակէտը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով.–

ա) Զինադադարի անմիջական յայտարարութիւն եւ սուրիական հողին վրայ տեղի ունեցող ամէն տեսակի բռնարարքներու եւ առեւանգումներու դադարում եւ առեւանգեալներու ազատ արձակում: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ապահովական խորհուրդը պէտք է ազդու միջոցներու դիմէ Սուրիա մտնող զինամթերքի ինչպէս նաեւ օտար կռուողներու դադրեցման:

բ) Սուրիացի գաղթականներուն թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ շրջակայ արաբական երկիրներէն ներս կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը կազմակերպել եւ ներքին ամէն տեսակ շրջափակումները շուտով վերացնել:

գ) Սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն՝ քաղաքական երկխօսութեամբ: Երկխօսութիւնն ու անոր յաջորդող գործընթացքը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ծրագրուած եւ յառաջանայ յստակ ժամանակացոյցի մը համաձայն: Անոր պէտք է մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմադրութիւնը, բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները: Աշխարհաքաղաքական շահերը, շրջանային թէ միջազգային ուժերուն, միշտ ալ եղած են ի գին տեղական ժողովուրդներու շահերուն ու իրաւունքներուն: Սուրիական տագնապի “սուրիանականացում”ը լուծման առաջնորդող ազդու ճամբաներէն մէկը կրնայ ըլլալ:

 

դ) “Ժընեւ 2”ը, որ վճռական դէպք մը կոչուած է դառնալու սուրիական տագնապի ծիրէն ներս, պէտք է վերածուի Սուրիան դէպի ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն առաջնորդող գործընթացքի, որուն նպատակը պէտք է դառնայ նաեւ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Սուրիոյ անկախութեան ապահովումը:

ե) Սուրիան խաղաղութեան առաջնորդող գործընթացքը պէտք է գլխաւորուի ու ղեկավարուի սուրիացի ժողովուրդին կողմէ: Այլ խօսքով՝ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով պէտք է ինք ճշդէ իր երկրի ապագան: Այս ծիրէն ներս Արաբական Լիկայի, ՄԱԿ–ի եւ Միջազգային համայնքի ամբողջական աջակցութիւնը հրամայական է:

զ) Պէտք է ամէն գնով ապահովել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Ներ–համայնքային ու ներ–կրօնական հակասութիւնները ու բախումները, որոնք սկսած են դառնալ տիրական ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս, կրնան սուրիական ընկերութիւնը առաջնորդել ներքին բաժանումներու, որոնք իրենց կարգին, կրնան յառաջացնել նաեւ հողային բաժանումներ. վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:

է) Կրօնական, ցեղային ու համայնքային բազմազանութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը եղած է միշտ: Զայն պէտք է պահել անվթար եւ այս ծիրէն ներս պէտք է ապահովել բոլոր սուրիացիներուն, համայնքներու թէ անհատներու, քաղաքացիական համահաւասար պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները:

ը) Մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարական սկզբունքները անհրաժեշտ է պաշտպանել՝ այս ուղղութեամբ ի պահանջել հարկին փոփոխութիւններ կատարելով սահմանադրութենէն ինչպէս նաեւ՝ պետական կառոյցներէն ներս, ապահովելու համար բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը Սուրիոյ հաւաքական կեանքին, բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:

թ) Որպէս քրիստոնեաներ, մենք մեր հաւաքական ձայնը կը բարձրացնենք եւ վստահ ենք որ մեզի հետ են աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող բոլոր քրիստոնեաները: Մեր ձեռքը կ՛երկարենք մեր իսլամ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնց հետ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներ դարեր շարունակ գոյակցած են միասնաբար մեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին՝ փոխադարձ հասկացողութեան, յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Վեհափառ Հայրապետին վերոյիշեալ առաջարկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ համաժողովին կողմէ, որպէս հիմքը “Ժընեւ 2”ին ուղղուելիք ուղեգիծին:

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԱԽՏԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄԻԻՆ ՀԵՏ

 

Համագումարի վերջին նիստին, ներկայ եղաւ Արաբական Լիկային եւ ՄԱԿ–ի կողմէ նշանակուած դեսպան Լախտար Իպրահիմի, որուն առաքելութիւնն էր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն յառաջացնել, որպէսզի անոնք կարենան միասնաբար Սուրիան առաջնորդել տագնապի լուծման:

Վեհափառ Հայրապետը նախ առանձին կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Լախտար Իպրահիմիին հետ, որու ընթացքին ան ընդհանուր գծերով պարզեց համագումարին ընթացքը: Լախտար Իպրահիմին գնահատեց Վեհափառ Հայրապետին վերջին անգլերէն գիրքը, ուր անդրադարձ կար “արաբական գարուն”ին ու քրիստոնէական համայնքներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ իր ընտանիքէն ներս հայկական ներկայութիւն կայ,  ու գնահատանքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մասին:

Համագումարին անունով խօսք առնելով, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լախտար Իպրահիմիի ներկայութիւնը: Ան յիշեց, որ շուրջ 30 տարիներ առաջ Լախտար Իպրահիմի նոյն առաքելութեան լուծուած էր, այս անգամ Լիբանանի տագնապին գծով: Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ կերպով պարզեց համագումարին քննարկումները եւ “Ժընեւ 2”ին փոխանցուելիք ուղեգիծը՝ ընդգծելով կարգ մը կէտեր ու շեշտելով, թէ քրիստոնէութիւնը ամբողջութեամբ նեցուկ կը կանգնի “Ժընեւ 2”ին , հաւատալով անոր ճակատագրական կարեւորութեան՝ ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ շրջանին համար:

Վեհափառ Հայրապետին յետոյ, խօսք առաւ Լախտար Իպրահիմի եւ իրապաշտ մօտեցումով պարզեց իր կատարած աշխատանքները, “Ժընեւ 2”ի օրակարգը եւ ընդհանրապէս սուրիական տագնապին ներկայ կացութիւնը: Լ. Իպրահիմին յստակ կերպով ըսաւ, թէ “սուրիական տանգապը սկսած է սպառնալ ո!չ միայն Միջին Արեւելքին, այլ ամբողջ՝ աշխարհին: Հետեւաբար, ա!յս իրականութենէն մեկնելով, անհրաժեշտ է որ բոլոր կողմերը փոխադարձ զիջումներով Սուրիան առաջնորդեն դէպի աբոջական խաղաղութիւն”: Շարունակելով իր խօսը, Լ. Իպրահիմին յիշեցուց, որ “դժբախտաբար, Սուրիկոյ առնչուած բոլոր կողմերը, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, չին նպաստեր Սուրիոյ տագնապի լուծման, այլ՝ ընդհակառակը, կը նպաստեն անոր առաւել խորացման, մեկնելով իրենց յատուկ շահերէն: “Ժընեւ 1”ը ձախողեցաւ այս պատճառով. “Ժընեւ 2”ը տեղի կ՛ունենայ վերահաստատելու համար առաջին հերթին “Ժընեւ 2”ի  որոշումները”:

Արդարեւ, Լ. Իպրահիմի իր մօտեցման մէջ այնքան իրապաշտ ու անկեղծ էր, որ նոյնիսկ երբեմն դարձաւ յոռետես: Ան ըսաւ “ես վստահ չեմ որ “Ժընեւ 2”ը պիտի յաջողի. ես նոյնիսկ վստահ չեմ, որ “Ժընեւ 2”ը տեղի պիտի ունենայ, հակառակ այն իրողութեան, որ միայն մի քանի օրեր մեզ կ՛անջատեն “Ժընեւ 2”ի կայացումէն: “Ժընեւ 2”ի գումարման առաջնորդող մթնոլորտը յստակ չէ, որովհետեւ դիմադրութիւնը բաժնուած է, մէկ մասը կը մերժէ գալ, շրջանային կարգ մը երկիրներու մասնակցութեան վէթօ կը դրուի, որոշ կողմեր նախապայմաններով կ՛ուզեն մասնակցիլ: Այս է ներկայ վիճակը։:

Լ. Իպրահիմ նաեւ ըսաւ, որ “Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ դիմադրութիւնը կը ներկայացնեն միայն ժողովուրդին մէկ մասը: Ժողովուրդին մեծ մասը, լուռ մեծամասնութիւնը կը տառապի, ձայն չունի: Հետեւաբար,  հանրային կարծիքին դերը կարեւոր է այս ուղղութեամբ:  Այսքան մահ ու քանդում Սուրիայէն ներս, միջազգային համայնքին  դիմաց, ներելի չէ: Ահա այս ուղղութեամբ կրօններ, այս պարագային իսլամութիւնն նու քրիստոնէութիւնը կարեւոր դեր ունին կատարելիք”: Իր խօսքի աւարտին, Լ. Իպրահիմին մեծապէս կարեւոր նկատեց Ե.Հ.Խ.–ին այս նախաձեռնութիւնը ու մանաւանդ՝ պատրաստուած ուղեգիծը

Համագումարէն բխող ուղեցոյցը յաջորդ օրը յանձնուեցաւ Լ. Իպրահիմիին զայն ներկայցնելու համար “Ժընեւ 2”ին :

More News