16 January, 2014

“ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԿԱՐԵԼԻ ՓՈՒԹՈՎ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԸ ՃՇԴԵԼ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ’’

                                                                                               Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած Ժընեւ 2 ժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար:  Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “եթէ Ժընեւ 2 ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ՝ անկէ անդին”: Ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. “ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ժողովին եւ աւելին՝ սովորական յայտարարութիւն պէտք չէ կատարենք, այլ՝ յստակ ուղեցոյց մը ճշդենք, զայն փոխանցելու համար Ժընեւ 2 ժողովի պատասխանատուներուն”:

Խօսելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած ներկայ համագումարի մասին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ երեք կէտերուն.– “ա) հաւաքական քրիստոնէական մօտեցում ճշդել սուրիական տագնապի լուծման. բ) մեր փորձառութիւնները եւ հայացակէտերը բաժնել իրարու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան աշխարհին հետ. գ) միասնաբար որոնել Ժընեւ 2 ժողովին մեր բերելիք նպաստը, որ պէտք է ըլլայ ազդու, գործնական ու յստակ”: 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “հարկ է որ մեր մօտեցումը ըլլայ իրապաշտ՝ հեռու մնալով զգացական, միակողմանի ու քաղաքական մօտեցումներէ: Այլ խօսքով, պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել Ժընեւ 2 ժողովին մեր բերելիք նպաստին իւրայատկութիւնը”: Մեկնելով իր կատարած այս հաստատումէն, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ՝ բանակցութեամբ: բ) Անհրաժեշտ է որ բանակցութեան մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ բոլոր համայնքներու պատասխանատուները: 

Համագումարի բացման նաեւ խօսք առաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդիի Ընդհանուր Քարտուղարը, որ իր կարգին պարզեց Խորհուրդին կատարած աշխատանքները՝ սուրիական տագնապի սկզիբէն ի վեր, յատկապէս մարդասիրական մարզէն ներս: Յայտնենք, որ համագումարին կը մասնակցին պատրիարքներ, եկեղեցիներո ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան: Կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ եկեղեցիներու պաշտօնական ներակայացուցիչները:

More News