22 December, 2013

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՌՈ՛Ւ ԿԸ ՄՆԱՅ ՓԱՌՔԷ, ՇԱՀԷ, ՆԻՒԹԷ ՈՒ ՀԱՃՈՅՔԷ» ՇԵՇՏԵՑ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, ամէն տարի Դեկտեմբեր 25-ին բոլոր Հայ եկեղեցիներէն ներս Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագի տօնը մեծ շուքով կը նշուի։ Առ այդ, Կիրակի 21 Դեկետեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Դրան Եպիսկոպոս եւ Միջ-Եկեղեցական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին սպասարկեցին Դպրեվանքի Սարկաւագները։ Քարոզի ընթացքին սարկաւագները Սուրբ Խորանին վրայ շարուած, լսեցին Սրբազան Հօր պատգամը, որ իր հայրական թելադրութիւնները տալով անոնց, ըսաւ. «Ս. Ստեփանոսի տօնը Սարկաւագութեան տօնն է։ Եւ սարկաւագութիւնը սիրելի սարկաւագներ, ձեր դիմաց կը բանայ մեր եկեղեցւոյ ծառայական կեանքը։ Այս ծառայական կեանքին մէջ կարենալ յաջողելու համար, նայեցէ՛ք ձեր տիպարին՝ Սուրբ Ստեփանոսին եւ անոր ուղիով ընթացէք»։

 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը Դպրեվանքի սարկաւագ-կիսասարկաւագներու կազմակերպութեամբ։ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեան, յանուն Դպրեվանքի Սրակաւագաց դասին ուղերձ կարդաց։ Ապա, Բրշ. Մովսէս Կիս. Սրկ. Խաչատուրեան Աւետարանէն հատուած մը ընթերցեց ու Յարութիւն Սրկ. Բանճարճեանը «Նարեկ» Աղօթամատեանէն հատուած մը, որմէ ետք Դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն՝ Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեանը դասախօսութիւն մը տուաւ, յատուկ կերպով անդրադառնալով սարկաւագութեան կարեւորութեան եւ այսօրուան մեր կեանքին մէջ ունեցած անհրաժեշտութեան մասին։

 

Դասախօսութենէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Դպրեվանքի Սարկաւագներուն ու Կիսասարկաւգներուն։ Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով խօսեցաւ Ստեփանոսի անձի յատկանիշներուն՝ առաքինութեան, սրբութեան, հաւատարմութեան, նախանձախնդրութեան, վստահութեան եւ անսակարկ ու նուիրական ծառայութեան ոգիի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ ամբողջական նուիրումով ու կատարեալ գիտակցումով կատարուած ծառայութեան մասին, որ Հայ հոգեւորականին ու ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան կեանքին առանցքը կը կազմէ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ծառայութիւնը, սովորական իմաստով մենք պէտք չէ ըմբռնենք։ Քրիստոս ծառայեց ո՜չ թէ խօսելով, այլ՝ Քրիստոս ծառայեց Աստուծոյ խօսքը տարածելով։ Ծառայեց՝ հրաշագործելով։ Քրիստոս ծառայեց ինքզինք նոյնացնելով աղքատին հետ, զրկեալին հետ։ Քրիստոս ծառայեց մարդոց ցոյց տալով փրկութեան ճամբան։ Քրիստոս ծառայեց նոյնիսկ Իր արիւնը թափելով։ Ծառայութիւնը ըսի ու կը կրկնեմ, Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ։ Ճշմարիտ ծառայութիւնը մարդը հեռու կը պահէ ամէն տեսակ փառքէ, նիւթէ, շահէ եւ հաճոյքէ։ Ա՜յս է ճշմարիտ ծառայութիւնը, այլապէս ծառայութիւնը կեղծ է»։

 

Սարկաւագներուն ուղղելով խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սիրելի սարկաւագներ, դուք Դպրեվանքէն ներս կը պատրաստուիք, ուսում ու գիտութիւն կը ստանաք, ո՛չ թէ պարզապէս զարգանալու համար, այլ այդ բոլորը գիտակից ու նուիրեալ ծառայութեան ճամբով տանելու համար մեր ժողովուրդին։ Մեր ժողովուրդը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կը նայի այս յոյսով ու սպասումով։ Դպրեվանքէն ներս, այս Աթոռէն ներս, մարդիկ կը պատրաստուին է՛ապէս որպէս ծառաներ, ծառայելու Աստուծոյ, մեր եկեղցւոյ ու մեր սիրելի ժողովուրդին»։

More News