17 December, 2013

Լէյլա Ռիատ Սոլհ Անթիլիասի Մայրավանքի Մէջ

Երեքշաբթի 17 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց նախկին նախարարուհի, Ուալիտ պըն Թալալ հիմնարկի փոխ-Նախագահուհի Լէյլա Ռիատ Սոլհը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ յիշեալ հիմնարկի տնօրէնը և երեսփոխան Յակոբ Բաքրատունի:

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Տիկին Սոլհը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Ուալիտ պըն Թալալ հիմնարկի կատարած մարդասիրական գործունէութեան՝ ընդհանրապէս միջազգային մակարդակի վրայ ու յատկապէս Լիբանանէն ներս: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մանաւանդ առանց կրօնական ու ցեղային խտրութեան կատարուած մարդասիրական ծառայութիւնը յիշեալ հիմնարկին: Այս ծիրէն ներս Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի հայութեան շարք մը ծրագիրներուն հիմնարկին կատարած աջակցութեան համար: Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Տիկին Լէյլա Սոլհին հայրը. Ռիատ Սոլհ որ Լիբանանի անկախացումէն յետոյ առաջին վարչապետը եղած է 1943-45 և 1946-51 շրջաններուն, յաճախակի առիթներով այցելած է Անթիլիասի Մայրավանքը և յատուկ յարգանք ունեցած է լիբանանահայութեան նկատմամբ:

 

Իր կարգին Տիկին Լէյլա Սոլհ իր ուրախութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղին իր կատարած այցելութեան ու Վեհափառին ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար: Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան ցուցաբերած հաւատարմութեան ու աշխատասիրութեան և Լիբանանի յառաջդիմութեան բերած իր դրական նպաստին գծով ու խոստացաւ շարունակել իր գլխաւորած հիմնարկին օժանդակութիւնը լիբանանահայութեան մարդասիրական ծրագիրներուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը, որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն լիբանանահայութեան կատարած օգտակարութեան համար. յուշանուէր մը յանձնեց Տիկին Սոլհին: Ապա Տիկին Սոլհ ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին:

More News