1 Դեկտեմբերի, 2013

Յուսիկ եւ Մակար Վարդապետներ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացան

Շաբաթ 30 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանիս «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Եպիսկոպոսական Դահլիճէն ներս, տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն։ Արդարեւ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Հոգշ. Տ. Մակար Վրդ. Աշգարեանը իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին ու պաշտպանեցին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեամբ։ Հայր Յուսիկին աւարտաճառի նիւթն էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներէն լոյս բերուած «Սահակ Բ. Կաթողիկոսի ստացած նամակները 1914-էն 1930»։ Իսկ Հայր Մակարին աւարտաճառի նիւթն էր, «Ամէնօրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի յաւերժ կուսութիւնը»։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները կատարեց, որպէսզի կատարուած ակադեմական աշխատանքը աւելի յստակ ու հասկնալի ըլլայ։

 

Յայտնենք նաեւ, թէ աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ գրուած երկու Կոնդակներ ընթերցուցեան, որով Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնթէզեանն ու Հոգշ. Տ. Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեանը Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացան։

 

Կիրակի 1 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Անթիլասի Մայրավանքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր Տաճարին մէջ, Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Մակար Վրդ. Աշգարեանը, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, խարտաւիլակութեամբ՝ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ.Քէչէչճանի:

 

Տէրունական Աղօթքէն անմիջապէս առաջ, երկու Հայր Սուրբերը Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանը ստացան։ Ձեռնադրութենէն ետք Սեպուհ Սրբազան խօսք առնելով խօսեցաւ ծայրագնութեան աստիճանի կարեւորութեան մասին, եւ երկու Հայր Սուրբերու ուշադրութեան յանձնեց, թէ այս ձեռնադրութեամբ իրենց ուսերուն վրայ Քրիստոսի լուծը աւելի կը ծանրանայ, որուն պէտք է ընդառաջեն նուիրուածութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, զօրաւոր հաւատքով, հեզութեան ու ծառայասիրութեամբ։ Սրբազանը նաեւ ըսաւ. «Այսօր դուք ստացաք Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան եւ արժանացաք կոչուելու Մեծ Վարդապետ։ Մեծ կոչումը ոչ թէ մեծութեան, պատիւի ու փառքի մէջ է, այլ իսկական ծառայութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան»։

 

Պատարագէն ետք Վեհափառ Հայրապետը երկու Ծայրագոյն վարդապետները, Սեպուհ Սրբազանի գլխաւորութեամբ ընդունեց իր գրասենեակը, եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

More News