9 Նոյեմբերի, 2013

Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նոր ղեկավարութեան մէջ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ (ՊՈՒՍԱՆ) — Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ Համաժողովի ընթացքին, Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան յիշեալ բանաձեւը ժողովականներուն ներկայացուց։ Ժողովականներ միաձայնութեամբ ընդունեցին բանաձեւը եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը դատապարտեցին։ Յայտնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ յղուած բանաձեւը Անթիլիասի մէջ խմբագրուած էր եւ Համաժողովէն ներս յիշեալ բանաձեւի քննարկման յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանի ջանքերով այս արդիւնքին հասած։  

  

Նոյն օրը կէսօրին համաժողովը հաւաքական աղօթքով իր աւարտին հասաւ։

 

Յետմիջօրէին նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը նիստի հրաւիրուեցաւ եւ ընտրեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 23 անդամներէ բաղկացած Գործադիր Վարչութիւնը, Ատենապետը եւ երկու Փոխ-ատենապետները։

 

Գործադիր Վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեցի տիկին մը, Դոկտ. Ակնէս Ապում Ատենապետ ընտրուեցաւ՝ եւ Փոխ-ատենապետ ընտրուեցան Մետրոպոլիտ Կենատիոս ու Դոկտ. Մէյրի Էնն Սուենսըն։

 

Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած էր ութը Նախագահներու եւ 150 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւնը։ Արեւելեան ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին յատկացուած աթոռին համար Համանախագահ ընտրուած էր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած էին՝ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Փոլա Տէր Մաթոյեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն) ու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։   

 

Համաժողովի կարեւոր բնագաւառներէն մին էր «միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բնորոշումը կրող փոքր խումբերու հանդիպումը, որ չորս օրերու վրայ տարածուեցաւ եւ զանազան թեմաներ ընդգրկեց։ Մեր պատգամաւորները հետեւեալ «միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ուն մասնակցեցան.

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան՝ «Միջին Արեւելքի արդարութեան եւ խաղաղութեան հրամայականը»։

 

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ «Միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները»։

 

Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան՝ «Եկեղեցւոյ հասարակաց դիմագիծը»։

 

Տիկին Թենի Սիմոնեան եւ իրաւաբանուհի Վանա Կիտցինեան՝ «Մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերումն ու խաղաղութեան հաստատումը»։ Առաւել, Թենի Սիմոնեան աւստրիական հեռատեսիլի կայանէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ։

 

Տիկ. Իրմա Պալեան՝ «Միջ-եկեղեցական շարժումի աստուածաշնչական ըմբռնողութիւնը»։

 

Տիկ. Նազելի Գանտահարեան-Մանուկեան՝ «Միջ-եկեղեցական կազմաւորումն ու աստուածաբանական դաստիարակութիւնը»։

 

Օրդ. Քրիսթին Արզումանեան՝ «Բնապահպանական արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

               

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ Համաժողովի աւարտէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները աշխատանքային ժողով մը գումարեցին եւ փափաք յայտնեցին, որ Նարեկ Սրբազան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փոխանցէ իրենց երախտագիտութիւնը այս համաժողովին մասնակցելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով իրենց պահանջատիրական ձայնը բարձրացնելու շնորհուած առիթին համար։ Ապա, անոնք համաժողովին ընդհանուր գնահատականը կատարեցին եւ խոստացան նոր յանձնառութեամբ շարունակել միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս իրենց գործօն դերակատարութիւնը բերել։

More News