31 Հոկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Տիար Մայք Խարապեանին: Աւելի քան ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեասն 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու նախաձեռնութիւններ: Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ կուսակցութեան Կեդրոնական մարմինը կարեւորութեամբ շեշտեցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակը միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ նշելու անհրաժեշտութիւնը. անոնք յատկապէս ընդգծեցին Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական կեցուածքը ամուր կերպով արտայայտելու ու անոր գործնական արտայայտութիւն տալու հրամայականը:

More News