28 Սեպտեմբերի, 2013

Եպիսկոպոսաց ժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները

24-27 Սեպտեմբեր Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը Ուրբաթ օր տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:

 

«24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշած է` որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն ներկայացնելու համար, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:

 

25-26 Սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 Սեպտեմբերի նիստերը նուիրուած էին հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:

 

Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ:

 

Ժողովականները կարեւոր նկատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:

 

Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2014 թուականի աշնան:

More News