19 Հոկտեմբերի, 2021

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ 1921-ԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԿԱՐՍԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

«ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ ՀԱՐԿ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՇՏԱՊՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ՈՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՃՇԴԵԼ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ համազգային գիտաժողովի մը՝ նուիրուած 1921-ին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրութեան 100-ամեակին։ Գիտաժողովը կազմակերպած են ՀՀ Գիտութիւններու Ազգ. Ակադեմիայի պատմութեան ինսթիթիւթը, ՀՀ Գ.Ա.Ա. Արեւելագիտութեան ինսթիթիւթը, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ը։

 

Գիտաժողովի բացման նիստին, Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը։

 

Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրը ամբողջութեամբ.-

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու պայծառ ապագայի տեսլականով կ՚ողջունենք ձեզ, եւ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք ներկայ գիտաժողովը կազմակերպողներուն։

 

Վտանգալից զարգացումներով լեցուն Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի պատմութեան ներկայ հանգրուանին տեղի ունեցող այս գիտաժողովը կոչուած է դառնալ տարբեր՝ ակադեմական այլ գիտաժողովներէն։ Տարբեր՝ իր բնոյթով. տարբեր՝ իր պատգամով. տարբեր՝ իր այժմէականութեամբ. տարբեր՝ մանաւանդ իր մարտահրաւէրով։

 

Արդարեւ, 1921 թուականի Հոկտեմբեր 13-ին մէկ կողմէն՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի եւ միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ միջեւ, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ ստորագրուած «Կարսի ու Մոսկուայի պայմանագիր» անունով ծանօթ տխրահռչակ պայմանագրին համաձայն, Թուրքիոյ կը փոխանցուի Կարսի մարզը ամբողջութեամբ եւ Սուրմալուի գաւառը ու Արարատ լեռը իրենց յարակից շրջաններով. իսկ Ազրպէյճանի կը փոխանցուի Նախիջեւանը, որպէս ինքնավար մարզ։ Փաստօրէն Ստալինի ճնշումով Խորհրդային Հայաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքին շուրջ կէսը, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը գծուի նոր սահմանագիծ եւ Հայաստանը կը ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները, այլ խօսքով՝ հողային ամբողջականութիւնը։ Այսպէս, կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, հայոց ցեղասպանութենէն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Սովետականացումէն յետոյ, հայ ժողովուրդը կը ստանայ այս երրորդ ահաւոր հարուածը։

 

Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ՚առնեն յիշեալ պայմանագրին օրինականութիւնը (legitimacy) եւ իրաւականութիւնը (legality), որովհետեւ ան չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին եւ միջ-պետական համաձայնագիրերու սկզբունքներուն եւ գործընթացներուն։ Խնդրայարոյց է նաեւ օրինական ընթացքով պայմանագրին վաւերացուած ըլլալու հարցը։ Հետեւաբար, իրաւական հիմքերէ զուրկ անօրինական եւ անվաւեր յիշեալ պայմանագրի գործադրութիւնը եղած է ապօրէն, համաձայն միջազգային օրէնքին։ Վստահաբար այս եւ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին գիտաժողովին կողմէ։

 

Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծուած Կովկասէն ներս, երբ Ազրպէյճան նոր պահանջներ ու պայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ, երբ Ազրպէյճանի յաղթանակ պարգեւած Թուրքիան այսպէս կոչուած բարի դրացնութեան ձեռք կ՚երկարէ Հայաստանին եւ դրական արձագանգ կը ստանայ Հայաստանէն, եւ երբ Ռուսիան եւ Թուրքիան իրենց ազգային եւ հասարակաց շահերէ մղուած սկսած են տիրական ներկայութիւն դառնալ շրջանէն ներս, Կարսի պայմանագրի վերարժեւորումը ու անոր այժմէականութեան վերաշեշտումը աւելի քան հրամայական է։

 

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակի Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցած էինք թէ՝ ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը սկսած է կազմաւորուիլ Կովկասէն ներս՝ Թուրքիոյ առաջնորդութեամբ ու Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ միաժամանակ՝ տարածաշրջանէն անդին երթալու նշաններ ցոյց տալով։ Արդարեւ, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրը փաստօրէն պարտադրուեցաւ Հայաստանին։ Այսօր Հայաստանին նոր պայմանագիրներ պարտադրելու բացայայտ մթնոլորտ մը կը տիրէ տարածաշրջանէն ներս։ Զգո՜յշ… պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողի վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատած Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ զոհ չդառնայ իր շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական նոր խմորումներուն։

 

Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել։ Սակայն, կարելի է եւ՝ հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն շահերը ու անոր ապագան։ Դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական. իրատես, բայց՝ ո՛չ զիջող։ Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան անվթար պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային սրբութիւն է։

 

Հայաստանը շրջապատող վտանգները ճիշդ չէ կառավարական ընթացիկ որոշումներով դիմագրաւել։ Հրամայական է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք,ճակատագրական կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնահարցեր համազգային մաշտապով քննարկել ու համապատասխան դիրքորոշումներ  ճշդել։ Հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող Սփիւռքը իր հարուստ փորձառութեամբ ու բազմակողմանի կապերով իր ըսելիքը ու ընելիքը պէտք է ունենայ համազգային բնոյթն ու տարողութիւն ունեցող խնդիրներու գծով։

 

Այս մտածումներով ու մանաւանդ սպասումով դարձեալ կ՚ողջունենք ձեզ, մաղթելով յաջողութիւն ձեր քննարկումներուն մէջ։

 

Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ,

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

18 Հոկտեմբեր 2021

Անթիլիաս, Լիբանան

More News