5 Հոկտեմբերի, 2021

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» երկհատորեակին շնորհահանդէսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին եւ Կոմիտասի Թանգարան-Ինստիտուտին համատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

 

Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական երկերուն շքեղ հրատարակութեան լոյս ընծայումով եւ նոյն տարուան՝ 2019 Դեկտեմբեր 19-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ շնորհահանդէսի իրականացումով, Կանաչեանական հայ երգը նոր աշխուժութեամբ վերսկսաւ, հասնելու քաղաքամայր Երեւան, ուր փաստօրէն Կանաչեանի «հայրենիք դարձը» յաջողութեամբ ձեռնարկուեցաւ սոյն հատորներուն ներկայացումով:

 

Այսպէս, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կանաչեանի արուեստը վերարժեւորող յատուկ ձեռնարկ մը սկիզբ առաւ՝ գեղարուեստական վայելչութեամբ եւ Կանաչեանական մատուցումով մը: Նախ, «Բարսեղ Կանաչեան»ի անուան արուեստի դպրոցի սաները ելոյթ ունեցան հետեւեալ հերթականութեամբ՝ Շահէ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ անոնք երգեցին մանկական երգչախումբի համար մշակուած «Ճախարակ»ը եւ «Մենք կը սիրենք»ը, դաշնամուրի վրայ՝ Տիգրան Մեսրոպեան: Յետոյ, շնորհալի երգեցողութեամբ հնչեց «Օրօր»ը, մեներգուած՝ Արծուիկ Դեմուրչեանի կողմէ, դաշնամուր՝ Արգինա Յարութիւնեան: Ի վերջոյ, նոյն դպրոցէն Նարինէ Թովմասեանի սաներ երգեցին «Խաղաղ գիշեր» եւ մեներգուեցաւ «Ծով աչեր»ը:

 

Երեկոյի երկրորդ բաժինը վերլուծական ներկայացումն էր, ուր բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ «Կոմիտաս»ի անուան նոյն կեդրոնի գիտական բաժինի վարիչը՝ Տաթեւիկ Շախկուլեանը, որ հաղորդական ու մասնագիտաբար ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանը՝ երաժշտական կենսագրութիւնը, անցած ճանապարհը, վաստակը, եւ լայնօրէն համեմատելով Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան ու գործունէութեան հետ, ընդգծելով Կանաչեան մեծանուն երաժիշտին առանձնայտուկ գիծերը եւ որուն երազը՝ հայրենիք վերադարձը հոգեւորապէս իրականութիւն դարձաւ սոյն հատորներու լոյս ընծայումով եւ հայրենի երաժիշտներուն տրամադրումով: Աւարտին, տիկին Շախկուլեան գործնապէս Կանաչեանի երաժշտութիւնը ճաշակել տալու նպատակով, իր եւ տիար Քէշիշեանի ցուցմունքներով, ներկաները միասնաբար երգեցին «Սիրերգ»ը:

 

Կանաչեանական երեկոյթի աւարտին երախտագիտական խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն օրհնութեամբ ժողովածուն հրատարակուեցաւ, նաեւ շնորհակալութիւնը՝ երկհատորեակը պատրաստող մասնագէտներուն` Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, մեկենասին, Կոմիտասի Թանգարան-Ինստիտուտի տնօրէնութեան, յանձինս Նիկոլա Կոստանդեանին, մասնակիցներուն եւ շնորհահանդէսի ներկաներուն:

 

Աւարտին, երաժշտական հիմնարկներու եւ գրադարաններու ներկայացուցիչները Բարսեղ Կանաչեանի հատորներէն ստացան, ձեռամբ Շահան սրբազանին:

More News