12 September, 2021

ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վերացման Ս. Խաչի տօնին:

 

Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:

 

Սրբազան հայրը իբրեւ բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ տողերը. «Միայն մենք մեր մասին չմտածենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շուրջ եղողներով պէտք է հետաքրքրուի՝ անոնց բարիքը խորհելով, անոնց հաւատքը ամրապնդելու համար» (Հռ 15.1-2): Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին՝ ան մատնանշեց, թէ տօնը իր մէջ կը խտացնէ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսով ու անոր Ս. Խաչին նշանով, յաղթելու, վերականգնելու ցնծալու եւ յոյսով զօրացած յարատեւելու ու պայքարելու Աստուածային ճշմարտութիւններով: Սրբազանը ընդգծեց անձնուրացութեան, հաւաքական բարիքներուն համար տագնապելու, զոհողութեան եւ երկնային սիրոյ հետամուտ ըլլալու գաղափարները: Այս առիթով, ան յիշեցուց, թէ «մեր Տէրը խաչափայտին ճամբով ուրիշներուն մասին մտածելը, այլ խօսքով՝ ուրիշներուն ծառայելը իբրեւ մեծագոյն չափանիշ ընտրեց եւ հաստատեց: Բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզեն Յիսուսի հետեւիլ եւ Անոր նմանիլ, նո՛յն ուղին պէտք է ընտրեն եւ նո՛յնը պէտք է կատարեն»:

 

Աւարտին, ան աղօթք բարձրացուց առ Ամենակալն Աստուած եւ շարականագիրին բառերով զօրութիւն, բժշկութիւն եւ խաղաղութիւն խնդրեց աշխարհին համար:

 

Յայտնենք, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վերացման Ս. Խաչի տօնին առիթով, Վեհարանին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուամիջոցին ճամբով փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը: Նորին Սրբութիւնը խօսելով քրիստոնէական հաւատքի էութեան մասին՝ ըսաւ, որ կարելի չէ հասկնալ քրիստոնէական հաւատքը, կարելի չէ ըմբռնել քրիստոնէական կեանքին իմաստն ու ուսուցումները, խորհուրդը եւ նպատակը առանց Ս. Խաչին: Խաչը էութիւնը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին: Հայրապետը իր պատգամին մէջ շեշտեց խաչի խորհուրդէն բղխող եւ քրիստոնէական խորագոյն հասկացողութիւնը հանդիսացող սիրոյ գաղափարը, յաւիտենական կեանքի ըմբռնումը, Յիսուս Քրիստոսի ինքնընծայումով մարդուն շնորհուած փրկութիւնը: Ան ըսաւ, թէ չկա՛յ յարութիւն առանց խաչի. չկա՛յ Քրիստոսակեդրոն կեանք առանց խաչի: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ յայտնեց. «Մենք չեղանք սոսկ խաչապաշտ ժողովուրդ, այլ եղանք ու մնացինք խաչակեդրոն ժողովուրդ՝ ամրօրէն կապուած ու հաւատարմօրէն փարած խաչի խորհուրդին ու պատգամին: Խաչը մեր կեանքին մէջ դարձաւ զօրութեան աղբիւր՝ մեր շուրջ գտնուող ամէն տեսակ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Այսօր եւս, սիրելի զաւակներ հայ ժողովուրդի, Խաչվերացի տօնը կը հրաւիրէ մեզ դառնալու խաչին: Հետեւաբար, երբ մեր կեանքին կեդրոնը խաչն է՝ մեր կեանքէն կը հեռանայ ամէն տեսակ ցաւ, հիւանդութիւն ու տառապանք, չար ու չարիք»:

 

Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթքով. «Քու խաչդ մեզի ապաւէն թող դառնայ, ո՜վ Տէր, հիմա, միշտ, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. ամէն»:

More News