27 August, 2021

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

 
Լիբանանի հայոց թեմի կարիքներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերէն ներս վերջին օրերուն սկսուած հանգանակութեան առաւել մղում տալու հեռանկարով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային վարչութեանց յղած յատուկ նամակով թելադրեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին Անթիլիասի Մայրավանք գալ։
 
Առաջնորդ սրբազանները յառաջիկայ Երկուշաբթի օր պիտի հասնին Լիբանան։ Անոնք խորհրդակցութիւն պիտի ունենան Վեհափառ Հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ու թեմի Ազգային Վարչութեան հետ։
 
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ վերոյիշեալ թեմերուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր կառոյցներուն ու ազգայիններուն, որոնք օժանդակեցին ու կը շարունակեն օժանդակել Լիբանանի հայութեան՝ հաւատալով անոր վերականգնումի անյետաձգելի հրամայականին։

More News