13 August, 2021

ԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԽՆԿՕՐՀՆԷՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 9-13 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ աղօթասացութեան եւ հոգեւոր խորհրդածութեան շարք մը, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին։
 
Արդարեւ, յիշեալ դասախօսութեանց վերջին օրը՝ այսօր, Ուրբաթ, 13 Օգոստոսին, միաբան հայրերու կողմէ եւ դպրեվանեցիներու ու ներկայ ուխտաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ աղի եւ խունկի օրհնութեան կարգ։
 
Յայտնենք, որ վաղը՝ Շաբաթ, 14 Օգոստոսին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ Ս. Խորանին վրայ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ համանուն Վանքին ուխտի օրուան նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պիտի կատարէ խաղողօրհնէքի արարողութիւն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պիտի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։